2014-03-06 09:33:27

Էդուարդ Նալպանտեանի ելոյթը ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի նստաշրջանին


Ժընեւի մէջ Մարտ 5-ին աշխատանքային այցով գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը ելոյթ ունեցած է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 25-րդ նստաշրջանի բարձրաստիճան հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցելու նպատակով Զուիցերիա մեկնած են շուրջ վեց տասնեակ երկիրներու ԱԳ նախարարներու գլխաւորած պատուիրակութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատւութեան ծառայութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ իր խօսքին մէջ նախարար Նալպանտեանը, մասնաւորապէս, ըսած է.

«Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւններու կանխարգելումը պէտք է ըլլայ մեր գերակայութիւններու շարքին: Անցեալ տարի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 22-րդ նստաշրջանի ընթացքին, Հայաստանը նախաձեռնեց Ցեղասպանութեան կանխարգելման վերաբերեալ բանաձեւ, որ միաձայն ընդունուեցաւ:

Այդ բանաձեւի նպատակներէն մէկն է ցեղասպանութեան կանխարգելումը ՄԱԿ անդամ պետութիւններու համատեղ ջանքերու միջոցով: Ես կը փափաքիմ օգտուիլ այս հնարաւորութենէն եւ շնորհակալութիւն յայտնել այն բոլոր երկիրներուն, որոնք համահեղինակեցին այս բանաձեւը: Երկու օրէն` Մարտ 7-ին, Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը պիտի գումարէ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատժման մասին Պայմանագրի 65-ամեակին նուիրուած բարձրաստիճան քննարկում, որ կը կազմակերպուի համաձայն նշուած բանաձեւի դրոյթներուն»:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը կոչ ուղղած է ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր պետութիւններուն աշխոյժօրէն մասնակցելու այդ քննարկման:

Էդուարդ Նալպանտեան իր ելոյթի աւարտին նշած է. «Մարդու բոլոր իրաւունքները հաւասարապէս կարեւոր են եւ պէտք է հաւասարապէս պաշտպանուին: Այս առիթով ես կը փափաքէի մատնանշել ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը: Համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիմնարար նպատակներուն` Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագրի առաջին յօդուածը կը ճանչնայ, որ բոլոր ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք, որ առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի, քանզի անոր իրականացումը մարդու իրաւունքներու արդիւնաւէտ երաշխաւորման կարեւորագոյն նախադրեալ է: Այս անքակտելի իրաւունքը միանշանակ կը պատկանի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.