2014-03-06 10:24:22

Արեւմտեան Երկիրներ Ուքրանիոյ հետ երկխօսութեան կոչ կ՛ընեն Մոսկուայի


Չորեքշաբթի, Մարտ 5ին, Ուքրանիայէն Ֆրանսա ժամանած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Ուքրանիոյ մէջ անցեալ շաբաթ ծագած տագնապէն ետք առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ՝ կոչ ընելով Մոսկուայի իշխանութեանց, որ երկխօսութեան սկսին Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւններուն հետ:
Լաւրովի նման կոչեր կատարեցին նաեւ Բրտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները, որոնք Մարտ 6ին պիտի մասնակցին Ուքրանիոյ տագնապին նուիրուած Եւրոմիութեան արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ ժողովի մը, Պրիւքսէլի մէջ:
Մինչ այդ, ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան ղեկավար Ալեքսէյ Միլըր Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ ընկերութիւնը որոշած է Ապրիլէն սկսեալ չեղեալ նկատել Ուքրանիոյ համար կազի գինի զեղչը: Ըստ անոր՝ ռուսական կազին դիմաց Ուքրանիոյ ընդհանուր պարտքը աւելի քան 1.5 միլիառ տոլար է: Մետվետեւ ելեւմուտքի նախարարութեան յանձնարարած է գնահատել Ուքրանիոյ 2-3 միլիառ տոլարի վարկ տալու կարելիութիւնը՝ ռուսական կազին պարտքը վճարելու համար:
Մինչ այդ, Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ 11 միլիառ եւրոյի օժանդակութիւն առաջարկեց: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Խոսէ Մանուէլ Պարոսօ յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու տարուան համար նախատեսուած վարկերու եւ փոխատուութեանց թղթածրարը «ծրագրուած է օժանդակելու համար (Քիեւի մէջ) յանձնառու, բոլորը ներառող եւ բարեփոխումներ կատարելու ուղղուածութիւն ունեցող կառավարութեան մը»: Ուքրանիոյ ելեւմուտքի նախարարութեան նախատեսութեամբ տնտեսութեան փրկութեան համար կարիքը կայ 35 միլիառ տոլարի:
Միւս կողմէ, «Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Խրիմի շուրջ 300 հազար թաթարներուն հարցը կը մտահոգէ թուրքերը, որոնք ազգային եւ մշակութային կապեր ունին թաթարներուն հետ: Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլահ Կիւլ անոնց հարցը քննարկած է Տաւութօղլուի եւ արտաքին գործոց առաջին փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.