2014-03-06 10:54:17

''Առանց Խաչի եւ առանց Յիսուսին չկայ Քրիստոնէական ճանապարհ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։


''Խոնրահութիւն, վեհանձնութիւն եւ հեզութիւն'', ասոնք ենք Քրիստոնեայի յատկանիշերը, ուղեւորութիւնը մը որ կ՛անցնի խաչէն, Յիսուսի նման, եւ որ կը տանի դէպի փառք։ Այս եղաւ, համարօտ կերպով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, հինգշաբթի, 6 մարտի առաւօտեան, սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի նիւթը։
Ներշնչուելով օրուան աւետարանի հատուածէն ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կ՛ըսէ ''եթէ մէկը կ՛ուզէ ինծի հետեւիլ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ իմ ետեւէս գայ'', Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ այս է Քրիստոնեայի ապրելակերպը, որովհետեւ Յիսուս եղաւ այս ճանապարհի առաջնորդը։
Մենք չենք կրնար Քրիստոնէական կեանքը ըմբռնել այս ճանապարհէն դուրս– ըսաւ Քահանայապետը – խոնրահութեան եւ նուաստացումի ճանապարհը, ճանապարհ ինքնուրացումի որ ապա յարութեան կը տանի։
Առանց խաչի քրիստոնեան քրիստոնեայ ըլլալէ կը դադրի եւ երբ այդ խաչը առանց Յիսուսի խաչ մըն է` քրիստոնէական խաչ մը չէ։
Քրիստոնէական ապրելակերպը խաչը կրել է, Յիսուսին հետ։ Յիսուս մեզի օրինակ եղաւ` Աստուծոյ հաւասար ըլլալով հանդերձ, Ան խոնարհեցաւ ու դարձաւ բոլորին ծառայ։
''Ով որ կ՛ուզէ իր կեանքը փրկել պիտի կորսնցնէ զայն.... եթէ մանանեխի հատիկը հողին մէջ չ՛իյնայ ու չմեռնի ինք միակ կը մնայ'' կ՛ըսէ Յիսուս – յարեց Քահանայապետը – մատնանշելով որ մեր պտղաբերութիւնը կը կայանայ Յիսուսի հետ ընթանալու մէջ։ ''Այս է նաեւ մեր ուրախութիւնը'', հաստատեց Ան ու հրաւիրեց ներկաները Տիրոջմէ խնդրելու որ ''մեզի սորվեցնէ քրիստոնէական ապրելակերպը, ծառայութեան, ուրախութեան եւ ինքնուրացումի ապրելակերպը որ պտղաբեր կը դառնայ Աստուծոյ հետ ու Անոր կամքին համաձայն''։







All the contents on this site are copyrighted ©.