2014-03-05 11:25:08

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Քառասնորդաց շրջանը''։


Չորեքշաբթի, 5 մարտ, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, անոնց ներկայացնելով ''քառասնորդաց շրջանի'' մասին խորհրդածութիւն մը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր – ըսաւ Քահանայապետը – այսօր` Մոխրոց օրով, սկիզբ կ՛առնէ Մեծ Պահքի քառասնօրեայ ուղեւորութիւնը որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Աւագ Շաբաթ` մեր Տիրոջ չարչարանքի, մահուան եւ փառաւոր Յարութեան յիշատակին, որ մեր փրկութեան խորհուրդի սիրտն է։ Քառասնորդաց շրջանը, շրջադարձ մըն է որ կը նպաստէ ներքին յեղաշրջումի` ապաշխարութեան։ Քառասնորդաց շրջանի ընթացքին Եկեղեցին մեզի կ՛ուղղէ երկու հրաւէր. աւելի գիտակցութիւն ցուցաբերել Քրիստոսի փրկարար ներգործութեան եւ յանձնառումով ապրիլ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։

Մեր ապաշխարութիւնը – ըսաւ Քահանայապետը – Աստուծոյ սիրոյ հրաշալի խորհուրդին երախտապարտ պատասխանն է։ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը ապրիլ լիովին, կը նշանակէ չի համակերպիլ նուաստացուցիչ եւ թշուառ կացութիւններուն որոնց կը հանդիպինք մեր կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին։ Մեծ Պահքը նախախնամական շրջան մըն է փոխելու համար մեր ընթացքը ու դիմադրելու չարին որ ամենօրեայ մարտահրաւէր մըն է։ Մեծ Պահքի շրջանը բարենպաստ ժամանակ է որպէսզի մօտենանք Աստուծոյ, գոհաբանութիւն յայտնենք Անոր խաչի վրայ սիրոյ զոհաբերումին համար եւ դարձի գանք ու սիրենք մեր մերձաւորը։
Հաստատուն հաւատք, ապաշխարութիւն եւ սէր մեր եղբայրներուն հանդէպ, ահա ասոնք են քառասնորդացի ապրումի հիմնատարրերը – եզրափակեց Քահանայապետը - հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ առանջորդէ այս աղօթքի եւ ծոմապահութեան շրջանին, որպէսզի բիւրեղացած եւ նորոգուած հոգիով կարենանք ապրիլ Զատկուայ վսեմ խորհուրդը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը, զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող տարբեր երկիրներէ ժամանած ուխտաւորները, յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։ Խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, Սրբազան Հայրը մաղթեց որ անոնք քառասնորդացի շրջանը ապրին ապաշխարութեան հարազատ հոգիով, որպէս վերադարձ դէպի Հայր, որ բազկատարած կը սպասէ իւրաքանչիւրը։ Ձեզի սիրելի հիւանդներ – ըսաւ ապա Քահանայապետը - կը քաջալերեմ ձեր ցաւերը նուիրելու` անոնց որ հեռու կ՛ապրին Աստուծմէ եւ ձեզի սիրելի նորապսակեալներ կը մաղթեմ որ քաջութեամբ եւ վեհանձնութեամբ, ձեր ընտանիքը կառուցէք Աստուածային հաստատ ժայրի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.