2014-03-05 09:57:20

Ֆրանչիսկոս Պապի հարցազրոյցը Իտալական '' Corriere della sera'' օրաթերթին հետ։


Քահանայապետութեան առաջին տարուայ աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Իտալական '' Corriere della sera'' օրաթերթի տնօրէն` Ֆերրուչչօ Տէ Պորթոլիին հետ ունեցած երակարաշունչ հացազրոյցի մը ընթացքին, անդրադարձած է իր առաքելութեան զանազան երեւոյթներուն, ինչպէս նաեւ այս ամիսներուն առնուած որոշումներուն եւ Պենետիկտոս ԺԶի հետ ունեցած յարաբերութեան մասին, որուն առընչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնած է թէ ''Վաստակաւոր քահանայապետը թանգարանի մէջ դրուած արձան մը չէ. Անիկա հեղինակութիւն մըն է։ Միասնաբար որոշեցինք որ Ինք մասնակցի Եկեղեցւոյ կեանքին. Անոր իմաստութիւնը Աստուածային պարգեւ մըն է''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յայտնած է թէ ինք կը սիրէ ժողովուրդին մէջ ըլլալ աւելցնելով թէ Քահանայապետը ''ամենակարող'' մարդ չէ այլ ''պարզ'' մարդ մըն է, որ կարիքը ունի ուրիշներու խրատներուն։
Հարցազրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձած Եկեղեցին հուզող կարեւոր նիւթերու մասին, ինչպէս ''մանկապղծութեան հարցը'' ու անոր յառաջացուցած մեծ վէրքերը, ամուսնալուծուածներու հարցը, ինչպէս նաեւ միասեռականներու ամուսնութեան հարցը։
Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ կնոջ Եկեղեցւոյ մէջ ունեցած դերի մասին։ Ան ապա հաստատեց թէ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը չի փոխուիր որովհետեւ արժէքները արժէք կը մնան։ Երակարաշունչ հարցազրոյցին մէջ, Ֆրանչիկոս Քահանայպետը անդրադարձաւ նաեւ միջազգային գետնի վրայ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն ինչպէս նաեւ միջկրօնական հարցերուն, մատնանշելով Սուրբ Երկիր կատարելիք հովուական այցելութեան որպէս դէպի համամիութիւն տանող ուղեւորութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.