2014-03-05 09:07:28

Մինչ Քերի աջակցութիւն կը խոստանայ Քիեւի՝ Փութին կը փորձէ լարուածութիւնը մեղմացնել


ՔԻԵՒ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Մարտ 4ին, Ուքրանիա այցելող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի խոստացաւ մէկ միլիառ տոլարի ուքրանական վարկեր երաշխաւորել, ճգնաժամի մէջ գտնուող երկրին տնտեսութեան նեցուկ կանգնելու նպատակով, մինչ Միջազգային դրամական հիմնադրամը աւելի ընդարձակ օժանդակութեան ծրար մը պատրաստելու աշխատանքին սկսած է:
Միւս կողմէ, լարուածութիւնը զսպելու նպատակով, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմի մը հաւանականութիւն չթայ, մինչ Ուքրանիոյ սահմանին վրայ անցեալ շաբաթ ռազմափորձերու սկսած ռուսական ուժերը սկսան հեռանալու:
Սակայն, Փութին մաիաժամանակ շեշտեց, թէ Մոսկուա պատրաստ պիտի մնայ պաշտպանելու Ուքրանիոյ ռուսերուն իրաւունքը՝ հասկցնելով, թէ Խրիմէն ռուսական ուժերը հեռացնելու նպատակ չունի:
Մէկ օր առաջ Ռուսիա յայտարարած էր, որ իր ուժերը Ուքրանիոյ մէջ պիտի մնան, մինչեւ որ քաղաքական կացութիւնը «բնականոնանայ»՝ պաշտպանելու համար Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն շահերը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ իր երկիրը մարդկային իրաւունքները կը պաշտպանէ՝ «ծայրայեղ ազգայնականներու սպառնալիքէն»: Ան ըսաւ, որ «ծայրայեղ ազգայնականներու բրտութիւնը կը վտանգէ ռուս եւ ռուսախօս բնակչութեան կեանքերն ու շրջանային շահերը»:
Լաւրով նաեւ Արեւմուտքին կոչ ուղղեց մէկ կողմ ձգելու աշխարհաքաղաքական հաշիւները եւ «ուքրանացի ժողովուրդին շահերը նկատի ունենալու»՝ աւելցնելով, որ ներքին որեւէ տագնապ պէտք է քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ երկխօսութեամբ լուծել: Ան նաեւ ըսաւ, որ «Քերիի վերջին յայտարարութիւնները անընդունելի սպառնալիքներ կը պարունակեն»:
Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբը աջակցեցաւ Ուաշինկթընէն Ռուսիոյ դեսպանը տուն կանչելու խնդրանքով՝ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներկայացուած դիմումին:
Փաստաթուղթը պատրաստած էր ծերակուտական Եուրի Վորոպիովը, որ յայտարարած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա վիրաւորած է ռուս ժողովուրդը, երբ Փետրուար 28ին յայտարարած է, թէ Ռուսիա սուղ գին պիտի վճարէ Ուքրանիա ներխուժելուն համար:
Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ Ռուսիոյ Սեւ ծովու նաւատորմիղի հրամանատար Ալեքսանտր Վիթքօ Խրիմ գտնուող ուքրանական ուժերուն յանձնուելու պայմանաժամ ճշդած է մինչեւ Երեքշաբթի արշալոյս, սակայն նաւատորմիղէն աղբիւր մը հերքեց լուրը. պայմանաժամի անցնելէն ետք իսկ միջադէպ մը չէ արձանագրուած:
Մինչ այդ, ռուսամէտ զինեալներ գրաւեցին արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնեցք քաղաքի կառավարութեան շէնքը, իսկ Խրիմի Պելպեք քաղաքը գտնուող ուքրանական օդուժի ռազմակայանէն 800 զինուորներ միացան Խրիմի բանակին, որուն նաեւ յանձնեցին 45 «Միկ» պատերազմական օդանաւեր:
Վերջապէս, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ պէտք չէ Ուքրանիոյ գործերուն արտաքին միջամտութիւն ըլլայ՝ նշելով, որ ուքրանացի ժողովուրդը արժանի է իր ճակատագիրը ինքնուրոյն ձեւով որոշելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.