2014-03-05 09:27:03

''Աստուած չի յոգնիր ներելէ'' Ֆրանչիկոս Քահանայապետի խորհրդածութիւններու հաւաքածոյի հատորը։


Չորեքշաբթի, 5 փետրուար, ըստ լատինաց օր մոխրոցի առթիւ, լոյս կը տենսէ, ''Աստուած չի յոգնիր ներելէ'' խորագրով՝ 64 էջերէ բաղկացած Ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետին 2004-2011 տարիներուն, Պուէնոս Այրէսի մէջ արտասանած` քառասնորդաց շրջանի խորհրադածութիւններու հաւաքածոն։
Վերոյիշեալ հատորի ''ԷՄԻ'' հրատարակչատունը յատնած է թէ
Ֆրանչիսկոս Քահանայպետը այս խտացուած էջերու ընդմէջէն կը հրաւիրէ ընթերցողը, ապրելու` ''Տիրոջ հետ հանդիպելու'' փորձառութիւնը, ''որ միշտ նորութիւն մըն է, եւ մեզ կը հրաւիրէ հաստատակամ որոշում առնելու՝ արուարձաններու եւ սահմանաններու նկատմամբ ուր՝ կը գտնուի ամենաշատ վիրաւորուած մարդկութիւնը եւ ուր՝ մարդիկը համակերպումի եւ մակերեսութեան երեւոյթին տակ կը շարունակեն փնտռել կեանքի իմաստին հայող պատասխանը։
Երբեմնի Պերկոլիոյ Կարտինալին համար` մեղքի մերժումը անհրաժեշտութիւն մըն է եւ
բարի լուրը որ Ան իր այս գրութեամբ կ'ուզէ աւետել` այն է թէ ''Աստուած քնքշութիւն է եւ դէպի մեզ կ՛ընթանայ որպէսզի Իր շնորհքով մեզ Իրեն մօտեցնէ ու մեզ առաջնորդէ հաստատ եւ վերանորոգիչ ուղղեւորութեամբ''։







All the contents on this site are copyrighted ©.