2014-03-04 08:41:31

Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հնգամեայ այցը ս. Պետրոսի յաջորդին։


Ներկայիս` Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը իր հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կը կատարէ ս. Պետրոսի յաջորդին։
Յայտնենք որ Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հիմնուած է 1966-ին, Պօղոս Զ Քահանայապետի կամքով, եւ կը գործէ իրեն իւրայատուկ զանազան մարմիններու միջոցաւ։
Սպանիոյ կաթողիկէ եկեղեցին ունի 14 եկեղեցական գաւառներ` վարչական բաժանումներ, որոնք կը ներփակեն 70 արքեպիսկոպոսական ու եպիսկոպոսական թեմեր եւ 22.890 ժողովրդապետութիւններ։
Սպանիոյ եւ Ս. Աթոռի միջեւ դիւնագիտական կապերը գոյութիւն ունին 16-րդ դարէն ի վեր։ 23 օգոստոս 1953-ին համաձայնագիր մը ստորագրուած է Վատիկանի ու Սպանիոյ միջեւ ու ապա վաւերացուած է նոյն տարուայ 27 հոկտեմբերին։ Համաձայնագիրը հուսկ վերահաստատուած է 1979-ին հանրավար նոր կառավարութեան կողմէ։
2011-ի վիճակագրութեան համաձայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կուսակրօն քահանաները կը հաշուեն 25 հազար, կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներ54 հազար, եւ իսկ կրօնուսոյցները 100 հազար ։
Թէեւ Եւրոպայի մէջ քահանայական կոչումներու թիւը յարատեւ նահանջ կ'արձանագրէ, Սպանիոյ մէջ, ընդհակառակը, քահանայական կոչումներու թիւը վերջին տասնամեակներուն յաւելում աձանագրած է, ներկայիս դպրեվանքերու մէջ քահանայութեան կը պատրատուին 1.278 ժառանգաւորներ ։

Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը ընկերութեան մէջ։
Սպանիոյ կաթողիկէ եկեղեցին մասնաւորապէս ներկայ է դաստիարակաչական, առողջապահական ու բարեսիրական մարզերուն մէջ։
1.462.000 աշակերտներ կը յաճախեն 5.535 կաթողիկէ դաստիարակչական կեդրոնները։ Եկեղեցին կը մատակարարէ 77 բազմաբուժարաններ, 54 դարմանատուներ, 803 ծերանոցներ, 391 որբանոցներ ու բորոտանոց մը։
Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը մասնաւորապէս յայտնի է իր բարեսիրական կեդրոններով եւ Գարիթասով։ 2012-ին Եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմինը տրամադարած է 267 միլիոն եւրօ` կարօտեալ եւ ինչազուրկ անհատներուն։ Հակառակ երկրին տնտեսական տագնապին սպանացիները վեհանձնութեամբ իրենց նպաստը կը բերեն Սպանիայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.