2014-03-04 08:57:59

Մեծ Պահքի Քառասնօրեայ շրջան։


Մեծ Պահքի կամ Աղուհացի քառասնօրեայ շրջանը, որ կ'երկարի Բուն Բարեկենդանի Կիրակիէն մինչեւ Ծաղկազարդի Տօնը, Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար, հոգեւոր կեանքի, կրօնական ապրումներու, ինքնահայեցողութեան իւրայատուկ շրջան մըն է: Քառասնորդաց շրջանի ծիսական արարողութիւնները մասնաւոր գրաւչութիւն մը ունին Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն համար: Մասնաւորապէս Արեւագալի, Խաղաղական և Հանգստեան Ժամերը հաւատացեալներուն սրտերուն խօսող մթնոլորտ մը ունին, որ իր առինքնող հոգեկան քաշողութեամբ զանոնք կը կապէ Եկեղեցւոյ ծիսական արարողական կեանքին:
Ժողովուրդը ամբողջ սրտով և հոգիով կը հաղորդուի Աւագ Շաբթուայ արարողութիւններուն, մասնաւորաբար եկեղեցական երաժշտութեան մելանոյշ, հոգեյոյզ և սրտաթափանց ներքին գաղտնի ուժին և հմայիչ վայելչութեան: Հոգեկան հրճուանքով և խոր յուզումով հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ ներկայ կը գտնուի Տիրոջ Խաչելութեան և Թաղման կարգին, հետեւելով օրուան հոգեյոյզ Շարականներուն և մեղեդիներուն:
Քառասնորդաց Պահոց շրջանին ընթերցուած սաղմոսները, երգուած շարականները, տաղերն ու մեղեդիները, ինչպէս նաեւ հոգեւոր երգերն ու աղօթքները Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի և Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հոգենուագ և հոգեթոյր տաղանդով շունչ, շեշտ և իմաստ զգեցած՝ կը սուզուին Հայ հաւատացեալներու հոգիներէն ներս, անոնց գիտակցութեան մէջ արթնցնելով բարութեան, մաքրութեան, խաղաղութեան և արդարութեան զգացումները:








All the contents on this site are copyrighted ©.