2014-03-04 09:20:38

Մարտ - Ապրիլ ամիսներուն, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորած արարողութիւններու յայտագիրը։


Մարտ – Ապրիլ 2014-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ շարք մը արարողութիւններ որոնք սկիզբ կ՛առնեն 5 մարտին, մոխրոց օրուայ առթիւ, ու վերջ կը գտնեն 27 ապրիլին Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետներու սրբադասման արարողութեամբ։

Չորեքշաբթի, 5 մարտին, ըստ լատինաց՝ մոխրոց օր է, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, յետմիջօրէի ժամը 4,30 ին, Հռոմի Ավէնթինօ շրջանի` Սանթա Սապինա Տաճարին մէջ, (Ե. դարուն կառուցուած) կը գլխաւորէՍուրբ Պատարագը եւ Մոխրոց Օրհնութիւնը կը կատարէ։

Կիրակի, 9-մարտին, քառասնորդաց առաջին կիրակին է, Նորին Սրբութիւնը կը մեկնի Հռոմի մօտ գտնուող Արիչչիա գիւղը ուր Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ միասին կը մասնակցի քառասնորդաց շրջանի Հոգեւոր Կրթութեան որ կը տեւէ մինչեւ 14 մարտ։

Կիրակի 16 մարտի յետմիջօրէի ժամը 4,00 ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայպետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Սանթա Մարիա Տէլ Օրացիոնէ կոչուած ժողովրդապետութեան։

Ուրբաթ, 28 մարտի յետմիջօրէի ժամը 5-ին Սրբազան Հայրը, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, կը նախագահէ Ապաշխարութեան ծիսակատարութիւնը։

Կիրակի, 6 ապրիլին, նախատեսուած է հովուական այցելութիւն մը Հռոմի՝ մէկ ժողովրդապետութեան։ Իսկ Կիրակի, 13 Ապրիլին, Ծաղկազարդի տօնին՝, Ֆրանչիսկոս Պապը, առաւօտեան ժամը 9,30 ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ կը գլխաւորէ արմաւենիներու օրհնութեան արարողութիւնը ու ապա կը գլխաւորէ հանդիսաւոր Սուրբ Պարարագը։

Հինգշաբթի, 17 ապրիլին, Աւագ հինգշաբթի է, Ֆրանչիկոս Պապը, առաւօտեան ժամը 09,30 ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ։

Ուրբաթ, 18 ապրիլին, Աւագ Ուրբաթ օրը, Նորին Սրբութիւնը երեկոյեան ժամը 9,15 ին Հռոմի աշխարհածանօթ Ամփիթատրոն ՝՝Գոլլոսէում՝՝ի մէջ, կը նախագահէ Ճանապարհ խաչիի բարեպաշտական արարողութիւնը։

Շաբաթ, 19 ապրիլին, Աւագ Շաբաթուայ օրը, Ֆրանչիսկոս Պապը, երեկոյեան ժամը 8,30 ին , Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, կը նախագահէ Ճրագալոյցի Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը իսկ կիրակի, 20 ապրիլի, տօն Յարութեան Քրիստոսին, Նորին Սրբութիւնը, առաւօտեան ժամը 10,15 , Սուրբ Պետրոսի հրապարկի վրայ, կը նախագահէ հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը, ապա կէսօրին` Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն, կը կատարէ Հռոմ քաղաքաի եւ համայն աշխհարի ''Ուրպի Էդ Օրպի'' օրհնութիւնը։

Կիրակի, 27 ապրիլին, տեղի կ՛ունենայ երանելի Յովհաննէս ԻԳ եւ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետներու սրբադասման արարողութիւնը։ Ֆրանչիկոս Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10,00 ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կը նախագահէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը ուր նախատեսուած է միլիոնաւոր ուխտաւորներու ներկայութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.