2014-03-04 09:54:38

Լաւրով ըսաւ որ իր երկիրը կը պաշտպանէ «ծայրայեղ ազգայնականներու սպառնալիքէն»:


Ռուսիա յայտարարեց, որ իր ուժերը Ուքրանիոյ մէջ պիտի մնան, մինչեւ որ այդտեղ քաղաքական կացութիւնը «բնականոնանայ»` պաշտպանելու համար Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն շահերը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ իր երկիրը մարդկային իրաւունքները կը պաշտպանէ «ծայրայեղ ազգայնականներու սպառնալիքէն»: Ան ըսաւ, որ «ծայրայեղ ազգայնականներու բրտութիւնը կը վտանգէ ռուս եւ ռուսախօս բնակչութեան կեանքերն ու շրջանային շահերը»:
Լաւրով յայտնեց, որ Ուքրանիոյ տարածքին մէջ Ռուսիոյ Սեւծովեան նաւատորմիղին դէմ նոր սադրանքներ կը պատրաստուին:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը Արեւմուտքին կոչ ուղղեց մէկ կողմ ձգելու աշխարհաքաղաքական հաշիւները եւ «ուքրանացի ժողովուրդին շահերը նկատի ունենալու»` աւելցնելով, որ «ներքին որեւէ տագնապ պէտք է քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ երկխօսութեամբ լուծել»: Ան ըսաւ, որ «Քերրիի վերջին յայտարարութիւնները անընդունելի սպառնալիքներ կը պարունակեն»:
Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբը աջակցեցաւ Ուաշինկթընէն Ռուսիոյ դեսպանը տուն կանչելու խնդրանքով նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներկայացուած դիմումին: Փաստաթուղթը պատրաստած էր ծերակուտական Եուրի Վորոպիով, որ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա վիրաւորած է ռուս ժողովուրդը: Օպամա 28 փետրուարին յայտարարած էր. «Միացեալ Նահանգներ միջազգային ընտանիքին հետ կը հաստատեն, որ Ուքրանիա զինուորական ներխուժման համար ստիպուած պիտի ըլլան գին վճարել»: Նշենք, որ «Կազփրոմ»-ի արժեթուղթերուն գինը երէկ 11 առ հարիւրով անկում մը կրեց: Ամերիկեան իշխանութիւնները նաեւ Ռուսիոյ անասնաբուժական ու բոյսերու վերահսկողութեան հարցերով դաշնակցային «Ռոսսելխոզնատզոր» ծառայութեան ներկայացուցիչներուն երէկ արգիլեցին մուտք գործել Միացեալ Նահանգներ:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ, որ Քիեւ կը գտնուի, յայտնեց, որ Ուքրանիոյ տագնապը այս դարուն Եւրոպայի դիմագրաւած մեծագոյն տագնապն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.