2014-03-03 14:03:22

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 3 մարտի գործունէութիւնը. Հանդիպում Սպանիայի եպիսկոպոսներուն հետ եւ Իտալական ''Հոգեւոր Կրթութիւն դաշնակցութիւն'' հաստատութեան ժողովականներուն հետ։


Երկուշաբթի, 3 մարտ, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Ժողովուրդներու աւետարանութեան Քահանայապետական ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին։ Ան ապա ժամը 10,45-ին ընդունեց Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ շարք մը եպիսկոպոսներ, հուսկ Քոնչիսթորօ սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սպանիայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի 85 եպիսկոպոսներուն հետ, հնգամեայ կանոնական այցելութիւններու առթիւ, որ սկիզբ առած էին անցեալ 24 փետրուարին ու վերջ պիտի գտնեն 8 մարտին։
Ապա Քլեմենթինա սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց ''Հոգեւոր Կրթութիւն դաշնակցութեան'' հաստատութեան երկու հարիւր անդամներուն։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց` այս տարի նշուող դաշնակցութեան հիմնադրութեան 50րդ տարեդարձին որ – ըսաւ Ան – պատեհ առիթ մըն է հաշուեկշիռ մը ընելու, 50 տարուայ գործունէութեան մասին եւ խորհրդածելու դաշնակցութեան կէտնապատակին որ է ''հոգեւոր կրթութիւնը ծանօթացնել որպէս Աստուծոյ զօրեղ փորձառութիւն մը, ունկնդրելով Անոր Խօսքը, ապաշխարութեամբ ու Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ ամբողջական նուիրումով։
Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց ''Հոգեւոր Կրթութիւն դաշնակցութիւն'' ժողովականներուն այս տարուայ ընտրած նիւթին` ''Սիրահրաուած հոգեւոր գեղեցկութեաեն` սփռելու Քրիստոսի անուշ բոյրը''։
''Ժամանակակից մարդիկն ու կիները կարիքը ունին Աստուծոյ հետ հանդիպիլ ու զայն ճանչնալ եւ ձեր առաքելական ծառայութիւնը այս ուղղութեամբ կ՛ընթանայ, ուրիշներու տրամադրութեան տակ դնելով կառոյցներ ու ժամանակ, Աստուծոյ Խօսքը ունկնդրելու աղօթքի եւ ամփոփումի մէջ '', ըսաւ Սրբազան Հայրը քաջալերելով ''Հոգեւոր Կրթութեան'' կեդրոններու զարգացումը ուր ''պէտք չէ մոռնանք որ որ հոգեւոր կեանքի իսկական դերակատարը Սուրբ Հոգին է'' հաստատեց Ան ու ապա բոլոր ներկաներուն մատուցած ծառայութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելէ ու զանոնք Աստուածամօր հովանիին յանձնելէ առաջ, հաստատեց թէ ''Հոգեւոր Կրթութիւնը կը սատարէ նորոգելու մեր անվերապահ նուիրումը Քրիստոսին եւ կ՛օգնէ ըմբռնելու թէ աղօթքը` Անոր հետ մեր միութեան անփոխարինելի միջոցն է''։
Ճառին աւարտին, Սրբազան Հայրը, բոլորին ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.