2014-03-03 09:04:50

Կիրակնօրեայ խօսքը. Անսասա՛ն Հաւատարմութեամբ…


Սիրելի՛ ընթերցող, հինգշաբթի, ամսոյս 27-ին, տօնն էր «Սրբոց Վարդանանց Զօրավարացն», իսկ անկէ առաջ, երեքշաբթի, ամսոյս 25-ին, տօնեցինք «Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայիցն» յիշատակը:
Զտարիւն հայադրոշմ տօնե՜ր, որոնք դարերը մաշեցնող իրենց ուժականութեամբ եւ այժմէականութեամբ ունին պատգամներ` ուղղուած թէ՛ աշխարհական դասակարգին ու թէ՛ կղերական դասին: Միայն անոնք ունկնդրէի՜ն արիւնագիր պատգամներուն…
Այս կիրակին որոշուած է ընթերցումն այն կտորին (Յվհ. 6,60-72), զոր ամէն տարի կը կարդամ Ս. Վարդանանց տօնին ձայնաւորած պատարագին ընթացքին: Սուրբգրային մեկնաբանութեան մէջ հատուածը ունի այս վերտառութիւնը` «Հաւատարմութիւնը առաքեալներուն»:
Այսօր կատարեցինք հոգեհանգստեան Ս. պատարագը Սումկայիթի մէջ ազերիներուն եղեռնագործութեամբ կոտորուած մեր ազգակից զոհեալներուն համար:
Արիւնապատում երեք դէպքերուն երկու թուականները, 451-454 եւ 1988, կը միաձուլուին իրարու մէջ նոյն գաղափարախօսական իմացութեամբ, բայց ասկէ առաջ ու աւելի` կը դիպի երեքին ծանօթ-անծանօթ դէմքերու եւ յայտնի-անյայտ հերոսներու զօդումը նոյն գիտակցական առումին մէջ:
Գաղափարախօսական իմացութեան կամ գիտակցական առումին խորքն է, այսօր, «հաւատարմութիւն»: Հաւատարմութի՛ւն կրօնին ու խղճին: Հաւատարմութի՛ւն ճշմարիտին եւ պատկանելիութեան: Հաւատարմութի՛ւն ազգին ու հողին:
Այսօր, անդրադարձումս, սակայն, պիտի ըլլայ կրօնին հաւատարմութեան մասին լոկ, որովհետեւ համոզուած եմ, թէ հարազատ կրօնասէրը, որ իսկական աստուածասէրն է, անպայման ազգասէր եւ առաջնահերթօրէն հայրենասէր է, այսինքն անվերապահօրէն հաւատարի՛մ է իր ժողովուրդին ու հողին: Անդրադարձումս կը սկսիմ աւետարանական հատուածին վերտառութեան բացատրութեամբ: Ի՞նչ պատահած էր…
Յիսուս խօսած էր ամենասուրբ հաղորդութեան մասին` յայտարարելով, թէ Ի՛նքն է «կենդանի Հացը` իջած երկինքէն: Այս Հացէն ուտողը կ’ապրի յաւիտեան: Եւ Հացը, զոր Ես պիտի տամ, ի՛մ Մարմինս է, Կեանքը` աշխարհին» (Յվհ. 6,51):
Ընդունելու ենք, որ այսօր իսկ թէ՛ ծանր կը հնչեն Քրիստոսի խօսքերը եւ թէ՛ կան չհաւատացողներ, նաեւ իրենքզիրենք «քրիստոնեայ» յորջորջողներ: Կարծես, անոնց նախահայրերն ու նախամայրերը եղած ըլլան «հրեաները» եւ «աշակերտներէն շատեր»: Առաջինները չհասկցան ու գայթակղեցան. ուստի հեռու մնացին Ճշմարտախօսէն: Երկրորդները գայթակղեցան ու տրտնջեցին. ուրեմն անոնցմէ շատեր քաշուեցան եւ ա՛լ չէին շրջեր Մարդասէրին հետ:
Բոլորը` հիներն ու նորերը զրկեցին եւ կը զրկեն իրենքզիրենք Հօր-Որդիին միութենէն ի հեճուկս Աստուածային Վարդապետին շեշտումներուն.«Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, եթէ չուտէք Մարդու Որդիին` Յիսուս Քրիստոսի Մարմինն ու չճաշակէք Անոր Արիւնը, կեանքը չունիք ձեր մէջ: Ով որ ուտէ ի՛մ Մարմինս եւ ճաշակէ ի՛մ Արիւնս, յաւիտենական կեանքն ունի» (Յվհ. 6,53-54):
Իսկ մեր նախահայրերն ու նախամայրերը եղան Ղեւոնդեաններուն եւ Վարդանեաններուն հետ այն մեր ազգակիցները, որոնք հաւատացին Տէր Յիսուսի խօսքին. «Ինչպէս Հայրը, որ զիս ղրկեց, կ՛ապրի, եւ Ես կ՛ապրիմ Հօրս մէջ, նոյնպէս ի՛մ Մարմինս ուտողը պիտի ապրի Ինձմով»:
Յիսուս, գուցէ հիասթափ «աշակերտներէն շատեր»-ու մերժողական հակազդեցութենէն, հարցուց տասներկուքին. «Դո՞ւք ալ կ՛ուզէք մեկնիլ»:
Քրիստոսի այս հարցումը մնայուն հարցադրումն է` դարերու ընթացքին ուղղուած պարզ ջուրին մէջ ու սուրբ միւռոնով կնքուածներուն` ըլլան անհատներ, ըլլան հաւաքականներ: Ուրեմն` ինծի, քեզի, անոր, մեզի, ձեզի եւ անոնց: «Երէկ, այսօր, վաղը եւ միշտ»:
«Կենաց-մահու» նոյն հարցադրումին դիմաց գտնուեցան Ս. Ղեւոնդեանք եւ Ս. Վարդանանք, որոնք հանդիսացան նախ անձնաւորութիւնները հաւատարմութեան, ապա դարձան ու կը մնան կտրիճները հաւատարմութեան:
Այս հաւաստիացումիս ճշմարտացիութեան համար կը մէջբերեմ Եղիշէ վարդապետը` «Աւարայրի սոխակ» յորջորջեալ մատենագիրը, որուն գրական ստեղծագործութիւնը անպայման կարդալու է իւրաքանչիւր հայ, եթէ կ՛ուզէ լիցքաւորուիլ Ղեւոնդեաններուն եւ Վարդանեաններուն աստուածասիրութեամբ, կրօնասիրութեամբ, ազգասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ…
Առաջին մէջբերումը հանրածանօթ է, բայց նաեւ ու միշտ կը հարցաքննէ որակը մեր հաւատարմութեան.«Այս հաւատքէն մեզ ո՛չ մէկը կրնայ խախտել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդերը, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած»:
Երկրորդը որքան նուազ հանրածանօթ է, այնքան աւելի ցնցիչ է իր բացարձակութեան մէջ, որ անվիճելի ցուցանիշն է 449-ի Աշտիշատի եկեղեցական ու աշխարհական ժողովականներուն անխորտակ վճռակամութեան եւ անդրդուելի հաւատարմութեան.«Հարազատ եղբօր ձեռքը թող բարձրանայ այն մերձաւորի դէմ, որ հեռացած է Աստուծոյ պատուիրանին ուխտէն. հայրը չխնայէ որդին, եւ որդին չակնածի հօր պատիւէն: Կինը կռուի իր ամուսինին դէմ ու ծառան դիմադրէ իր տիրոջ»:
Հաւատարմութիւնը յատկապէս կը փաստուի երկընտրանքին մէջ, որ մին կամ միւսը, այս կամ այն ընտրելու պարտադրանքէն աւելի ազատութիւնն է, ազատ կամքն ու գիտակցական համոզումը, որոնց դրսեւորումին եւ գործադրումին առջեւ դրուեցան թէ՛ Ս. Ղեւոնդեանք, թէ՛ Ս. Վարդանանք ու թէ՛ տասներկուքը:
Իրենց գործով, խօսքով, տառով ու վկայութեամբ` երեք խումբերն ալ պատասխանեցին Ս. Պետրոս առաքելապետին հետ` փաստելով իրենց ազատութիւնն ու հաւատարմութինը. «Տէ՜ր, որո՞ւ երթանք: Դուն յաւիտենական կեանքին խօսքերն ունիս: Մենք հաւատացինք եւ գիտցանք, թէ Դուն Աստուծոյ Սուրբն ես» (Յվհ. 6,68-69):
Մարիամ, «Կոյս հաւատարիմ», մեզ կերտէ՛ հարազատ եւ արժանի շառաւիղներ մեր նահատակներուն: Ամէն:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ







All the contents on this site are copyrighted ©.