2014-03-03 11:02:23

Գերպ.Գաբրիէլ Թ.Ծ. Վրդ. Մուրատեանի, սրտի խօսքը Վարդանանց տօնակատարութեան առթիւ


Այսօրուան պատգամը չփոխանցած կ'ուզէի, բոլոր ներկաները վայրկեան մը հրաւիրել յոտնկայս լուռ կենալու առ ի յարգանս մեր Աւարայրի բիւրաւոր նահատակներուն, նաեւ առ ի յարգանս հանգուցեալ Վարդան Եպս. Աշգարեանին, որ այս բեմէն բազմիցս Վարդանանցի ճառեր կու տար եւ իր անուանակոչութիւնը շնորհաւորել ինչպէս նաեւ բոլոր Վարդաններուն:
Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուած առաջին իսկ օրէն, հայը փարեցաւ Քրիստոսին եւ իր կեանքի գնով պայքարեցաւ, որ զայն ամուր, անբիծ պահէ:
Հայը պայքարեցաւ եւ անհատապէս եւ ազգովին, որու ցայտուն ապացոյցներէն մին՝451-թուի Մայիսին, Վարդանանց Ճակատամարտն էր՝ընդդէմ Զրադաշտական կրօնը հայուն պարտադրող Յազկերտին:
Ճիշտ է պատերազմը Մայիսին տեղի ունեցաւ Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափին. սակայն մենք զայն կը նշենք Բարեկենդանին նախորդող հինգշաբթին, որպէս զի Վարդանանցի ոգիով տոգորուած պահենք պահոց շրջանը:
Վարդանանց Ճակատամարտին ազգս զոհեց երկրի ղեկաւարութիւնը, անոնք ինկան որպէս զի մենք ապրինք արժանապատուորէն եւ Քրիստոնէավայել կեանք մը: Վարդանանց ոգին
5-րդ դարէն սաւարնելով հասաւ մերօրեայ Արցախեան պայքարին ուր հայը անգամ մը եւս ապացուցեց որ ի հարկին ինքնանուէր կ'ունենայ մարտունակ ոգի:
Ինչպէս գիտէք Վարդանանցի պատգամով եւ օրինակով այսօր եւս մեզի կը ներկայանան, նորանոր հերոսներ, նորանոր պատգամներ եւ նորանոր ուխտեալ Վարդաններ:

Վարդանը՝հաւատարիմ Քրիստոնեան ու հաւատարիմ Հայը
Հաւատարմութիւն բառը հայ ազգի բառգրքին մէջ, ոսկիէ տառերով փորագրուած է, որուն դիմաց իւրաքանչիւր հայ իր յարգանքի երեք տուրքերը կը մատուցանէ:
Ա)Հաւատարմութիւն՝Քրիստոսի
ի՞նչ ըսել է հաւատարմութիւն եւ ինչո՞ւ Քրիստոսի:
Հայ ազգը, վաղուց հասկցած է, Յովհաննէս առաքեալի նման հաւատարմութեան դաշինք կնքել, Քրիստոսի հետ, ան նման է ժայռին որու վրայ Աստուած հիմնեց արեւելքի մէջ, Քրիստոնէութիւնը պետականօրէն առաջինը ընդունած Հայ եկեղեցին, ան սնանեցաւ եւ ծաղկեցաւ իր նահատակներուն արիւնով եւ աղօթքով, անոնց ուխտած հաւատարմութեան Ս. ուխտը ինքն ալ նորոգեց՝ հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ:
Ան սնանեցաւ Լուսաւորիչներու, Արիստակէսներու, Մեսրոպ Մաշտոցներու եւ Սահակ Պարթեւներու, Քրիստոնէական՝ Սուրբ եւ վսեմ մատեաններէն: Ան ճանչցաւ ինչ ըսել է հաւատարմութիւն ուխտել Քրիստոսի հետ, որովհետեւ Ս. Հայրապետներուն շունչով ճանչցաւ՝ Քրիստոսի վարդապետութեանը, Ս. Խաչի վսեմ պատգամը, զոհուիլ, կեանքը տալ, անմահացնելու համար եկեղեցւոյ հաւատացեալ հայորդիները: Ան Սիրեց խաչը եւ ուզեց հաւատարիմ մնալ անորմէ ստացած Սիրոյ պատգամին եւ որպէս փաստ ուզեց ինքզինք զոհաբերել՝սիրոյ ողջակէզ ներկայացնել, պարսիկ կրակապաշտներուն, որով Քրիստոնէական լոյսը դարձաւ իրենց կրակի լոյսէն աւելի զօրաւոր, լուսաւորելով անոնց խաւարամած՝ Սրտերը, մտքերն ու հոգիները:
Բ)Հաւատարմութիւն՝Հայ ազգին
Ան դաշինք կնքեց նաեւ հայ ազգին վսեմ արժանիքները, բարձր պահելու,ինչպէս՝ Մեսրոպատառ այբենարանը լուսաւոր ջահի մը նման միշտ վառած պահելով: Ուխտեց եւ ուխտել տուաւ՝ մահը կեանքով յաղթելու, Սուր բարձրացուց եւ բարձրացնել տուաւ, ծունկի բերելով թշնամին եւ յաջողեցաւ: Անոր յաղթանակի կորիզը կայացաւ՝ հաւատարմութեան ուխտին հաւատարիմ մնալով, Ճշմարտութենէն ծնունդ առաւ եւ ուզեց Ճշմարտութեան խիզախ ու հնազանդ զաւակը կոչուիլ, որովհետեւ իրեն համար՝ Քրիստոսն ու Հայ Ազգը, միաձուլուած եւ միմեանց դառնալով երկու միացած մասնիկներ, որ կը ներկայացնէին Հայ Ազգի, նկարագիրը, ապրելակերպը եւ գոյատեւման գրաւականը:
Իրեն համար Հայ ըլլալը կը նշանակէ Քրիստոնեայ ըլլալ եւ Քրիստոնեայ ըլլալը կը նշանակէ Հայ ըլլալ: Ան ամէն բանէ առաջ ցոյց տուաւ, իր ազգակիցներուն թէ ինչ ըսել է Քրիստոնեայ Հայ ըլլալը, որուն միջոցաւ դաստիարակեց, մշակեց եւ ամրապնդեց, այս երկու մասնիկներուն տարազ չըլլալը, այլ հայուն էութեան մաս կազմելը:
Գ)Հաւատարմութիւն՝մեր հերոս նահատակներուն
Սիրելի եւ Հաւատարիմ Ժողովուրդ Հայոց
Վարդանանցի հզօր եւ վճիտ պատգամը, 451 թուականէն ի վեր դարձած է իւրաքանչիւր Հայու անուանակոչութեան, հպարտութեան մասնիկը:
Այս քաջայաղթ կեցուածքը մեր նախնիքներուն, մեզ կու գայ անգամ մը եւս յիշեցնելու, յարգելու եւ նորոգելու անոնց կատարած հաւատարմութեան խօստումը՝ Քրիստոսին եւ Հայ Ազգի Արծիւներու բոյնի հզօրներուն: 1563 տարիներէ ի վեր Վարդանն ու անոր ընկերները, հաւատրամութեան, հնազանդութեան եւ յաղթանակի ջահը փոխանցեցին սերունդէ սերունդ, որպէս զի այս ջահը բարձր եւ վար պահեն:
Անոնք վսեմութեան խթանը հանդիսացան, իրենց յաջորդող սերունդներուն: Անոնք ճանապարհը հարթեցին որուն հողը որոգեցաւ իրենց արեան զուլալ կաթիլներովը, այս արահետը ընթանալով անոնք ձեռք բերին խիզախներու եւ քաջերու տիտղոսը, այս ամէնը անմահացուցին կարգախօս ունենալով Քրիստոսի խօսքը՝ չկայ աւելի մեծ Սէր քան իր կեանքը զոհել բարեկանմերուն համար:
Աղօթք եւ խունկ անոնց անմահ յիշատակին,
Յիշտակ մը որ բացաւ դուռը, մասնակցելու այս յաղթնակի թափնեպսակին, որոնց շարքերուն մաս կազմեցին զանազան ժամանակաշրջանի հայ հերոսներ եւ նոյնիսկ հսկայական ծաւալով նահատակութեան թափնեպսակին արժանացաւ հայ ազգի մէկ ու կէս միլոն զաւակները 1915-ին եւ շարքը այսօր մեր Սուրիահայ համայնքի նահատակ սերունդին կը հայի, անոնք տուին Մինասներ, Սերոբներ, վարդաններ կառչած Քրիստոսի եւ հայազգի վսեմ արժանիքներու հաւատարիմ հայորդիներ, անոնք անգամ մը եւս եկան ցոյց տալու համար ոչ Քրիստոնեաներուն եւ համայն աշխարհի ժողովուրդներուն թէ հայը պատրաստ է իր կեանքը զոհել եւ իր Կրօնքն ու ազգը չուռանալ:
Թող յաւերժ ապրին մեր հին եւ նոր նահատակներու անմահ յիշատակը, մենք կ'ուխտենք այսօր իրենց նման, հաւատարմութիւն՝Քրիստոսի եւ Հայազգի հերոսներուն:
«Մահ իմացեալ անմահութիւն է»
Գերպ.՝Գաբրիէլ Թ.Ծ. Վրդ. Մուրատեան, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Պէյրութի թեմին եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.