2014-03-03 12:14:04

Աղօթենք որպէսզի Աստուած մեզի ուղարկէ քահանաներ եւ մայրապետներ որոնք ազատ ըլլան ունայնութեան, իշխանութեան եւ դրամի կռապաշտութենէն։


Երկուշաբթի, 3 մարտ, առաւօտեան ժամը 7-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները աղօթելու կոչումներուն համար, որպէսզի Աստուած մեզի ուղարկէ քահանաներ եւ մայրապետներ որոնց սիրտը նուիրուած ըլլայ միայն Իրեն, ու ազատ ըլլան ունայնութեան, իշխանութեան եւ դրամի կռապաշտութենէն։
Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի հարուստ այն մարդու մասին որ Յիսուսին կը դիմէ հարցնելով թէ ի՞նչ ընելու է որպէսզի Երկինքի Արքայութեան արժանանայ, Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ''այդ մարդը բարի մարդ մըն էր եւ փափաք ունէր Յիսուսի խօսքերը լսելու, սակայն երբ Յիսուս անոր կ՛ըսէ թէ Երկինքի Արքայութիւնը ժառանգելու համար պէտք էր բոլոր ինչքերը ծախել ու հետեւիլ Յիսուսին, այդ մարդուն դէմքը կը տժգունի, որովհետեւ մեծ հարստութեան տէր էր։

Քանի՜ երիտասարդներ – ըսաւ Ֆրանչիսկսոս Պապը - այսօր եւս իրենց սրտին մէջ կը լսեն Յիսուսին կոչը ու խանդավառութեամբ կը մօտենան ու Անոր առջեւ կը խոնարհին իրենց հրապարակային վկայութիւնը տալու Յիսուսի Քրիստոսի մէջ ունեցած իրենց հաւատքին մասին, սակայն շատ անգամ երբ անոնց սիրտը լի է այլեւայլ ինչքերով ու քաջութիւնը չ՛ունին զայն պարպելու, ետքայլ կ՛ընեն եւ այդ սկզբնական ուրախութիւնը վիշտի կը վերածուի։

''Պէտք ենք աղօթել որպէսզի այդ երիտասարդներու սրտերը պարպուին այլ հետաքրքրութիւններէ եւ սէրէ, ու այդ սիրտը դառնայ ազատ` ընկալելու միայն Տէրը'', այս է մեր աղօթքը ''Տէր մեզի ուղարկէ քահանաներ եւ մայրապետներ որոնք ազատ ըլլան ունայնութեան, իշխանութեան եւ դրամի կռապաշտութենէն ։Օգնէ Տէր այս երիտասարդները որպէսզի ստրկութենէն ազատուին ու իրենց սիրտը յատկացնեն միայն քեզի, եւ զգան այն ուրախութիւնը որ միայն քեզի հետեւողները կրնան փորձարկել։







All the contents on this site are copyrighted ©.