2014-03-02 12:22:48

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։


Կիրակի, 2 մարտ 2014-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներէն, շեշտը դնելով Աստուածային Նախախնամութեան վրայ։
Յիսուս` ըսաւ Քահանաապետը, մեզ կը հրաւիրէ վստահութիւն ունենալու Աստուծոյ վրայ ''Տեսէք երկինքի թռչունները, անոնք ոչ կը ցանեն, ոչ կը հնձեն, ոչ ալ կ՛ամբարեն շտեմարաններու մէջ. Եւ ձեր երկնաւոր Հայրը զանոնք կը կերակրէ….դիտեցէք դաշտերու մէջ շուշանները, ինչպէս կ՛աճին. Ոչ կը յոգնին, ոչ կը հիւսեն։Կ՛ըսեմ ձեզի, եւ ոչ իսկ Սողոմոն իր փառքին մէջ կրցաւ անոնցմէ մէկուն պէս հագնիլ'' (Մատթ. 6, 26. 28-29)։

Յիսուսի այս խօսքերը, յարեց Սրբազան Հայրը, այժմէական են. Ան մեզի կը յիշեցնէ կեանքի իսկական արժէքները` ''Միթէ կեանքը սնունդէն աւելի չէ՞ եւ մարմինը` զգեստէն'' (Մատթ. 6, 25)։
''Որպէսզի ոչ մէկուն պակսի հաց, ջուր, զգեստ, տուն, աշխատանք եւ առողջութիւն, անհրաժեշտ է որ ամէնքս մեզ ճանչնանք որպէս Երկնաւոր Հօր զաւակներ ուստի իրարու եղբայրներ, ու այս ուղղութեամբ գործենք''։ Հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը, մատնանշելով 2014-ի Խաղաղութեան իր պատգամին, որուն բնաբանն է ''Խաղաղութեան ճանապարհը եղբայրութիւնն է''։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, Աստուածային նախախնամութեան Մայրը, որպէսզի մեզ օգնէ ապրելու` զգաստ կեանք մը մեր հայեացքը ուղելով միշտ մեր կարիքաւոր եղբայրներուն։
Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացելները ու ապա մատնանշեց Քառասնորդացին որ է ''ապաշխարութեան ուղեւորութիւն, չարի դէմ պաքար` աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ողորմութեան զէնքերով։
Մարդկութիւնը- ըսաւ Քահանայապետը – պէտք ունի արդարութեան, հաշտութեան եւ խաղաղութեան, ու այս կարելի է միայն երբ ան, բոլոր սրտով կը վերադառնայ Աստուծոյ որ այս բոլորին ակնաղբիւրն է։ Քառասնորդաց շրջանը սկսինք եղբայրական զօրակցութեան հոգիով, բոլոր անոնց հանդէպ որ այս պահերուն, կը փորձարկեն աղքատութիւնն ու հակամարտութիւններու բռնութիւնները։
''Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի կիրակի'' ըսաւ Քահանայապետը, հրաժեշտ առնելով ներկաներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.