2014-03-02 11:23:02

Միջրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահի այցելութիւնը Պենան 2-5 մարտ։


Միջրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Ժան Լուի Թոռան, 2-5 մարտ, այցելութիւն կը կատարէ Պենան։
Այս կարճատեւ այցելութեան ընթացքին Կարտինալը հանդիպումներ կ'ունենայ զանազան կրօներու պատասխանատուներուն հետ։
Կիրակի 2 մարտին, կարտինալը երկրին մայրաքաղաք` Գոդոնու կը ժամանէ։ Յաջորդ օրը, առաւօտեան, Ան հանդիպում կ'ունենայ հանրապետութեան նախագահին հետ եւ պետական այլ անձնաւորութիւններուն հետ։ Իսկ յետմիջօրէին` Ան հանդիպում կ'ունենայ տեղական եկեղեցւոյ միջկրօնական յանձնախումբի պատասխանատուներուն հետ ու հանդիպումի ընթացքին կը ներկայացնէ վաւերաթուղթ մը նուիրուած միջկրօնական երկխօսութեան, մահմետականութեան ու Ափրիկեան աւանդական կրօններու ուսուցումին։
Երեքշաբթի` 4 մարտին, Կարտինալ Թոռան հանդիպում կ'ունենայ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հետ ճառ մը արտասանելով ներկաներուն ու անոնց հետ փոխանակելով միջկրօնական երկխօսութեան հովուական փորձառութիւնները։
Ոչ-քրիստոնեայ կրօններու ներկայացուցիչներուն ուղղած ճառով կարտինալը կը խօսի ''ափրիկեան աւանդական կրօնքին ճշմարիտը եւ սուրբը'' նիւթին մասին։
5 մարտին, մոխրոց օր, ըստ լատինաց, Միջրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը աւագ դպրեվանքին մէջ պատարագ կը մատուցանէ եւ ապա պահ մը հոգեհանգստեան աղօթք կը կատարէ կարտինալ Պերանրտէն Կանթէնի դամբանին առջեւ։ Նշենք որ կարտինալ Պերնարտէն եղած է Ափրիկեցի առաջին կարտինալը որ պաշտօնավարած է նաեւ Վատիկանի մէջ որպէս նախագահ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.