Թուրքիայէն տեղահանուած Հայերուն, Ասորիներուն եւ Յոյներուն Թուրքիոյ հայրենակցութիւն
տալու բանաձեւ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Տեմոքրաթհապեր» լրատու կայքը կը հաղորդէ, թէ քրտամէտ Խաղաղութիւն
եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Մարտինի երեսփոխան, ասորի ծագումով Էրոլ Տորա Խորհրդարան
յղած է բանաձեւ մը, որով փոփոխութիւններ կ՛առաջարկուին Թուրքիոյ Հայրենակցութեան օրէնքին
մէջ։ Տորայի բանաձեւը կը պահանջէ, որ 1915էն ետք՝ Տեղահանութեան օրէնքով Թուրքիայէն արտաքսուած
ու աքսորուած հարիւր հազարաւոր հայերու, ասորիներու, յոյներու մինչեւ հինգերորդ աստիճան
մերձաւորներուն իրաւունք տրուի Թուրքիոյ հայրենակցութեան վերադառնալու։ Բանաձեւին
մէջ կը նշուի, որ վերոնշեալները իրենց կեանքը մաշեցուցած են օտար ափերու վրայ՝ ամբողջ
կեանք մը ապրելով հայրենաբաղձութեան տառապանքով։ Անոնցմէ շատեր այլ երկիրներու մէջ մահացած
ու թաղուած են: Նաեւ կը շեշտուի, թէ 1980էն ետք Տեղահանութեան օրէնքէն ամէնէն աւելի տուժած
են քիւրտերը, եւ մեծ թիւով քրտաբնակ գիւղեր պարպուած են։ «Անցեալի սխալներէն դասեր պէտք
է քաղել ու պէտք է հնարաւորութիւն ստեղծել, որ սխալները սրբագրուին», նշուած է հոն։ Ըստ
առաջարկուածին, անոնք, որոնք պայմանները կ՛ամբողջացնեն ու կ՛ուզեն Թուրքիոյ հայրենակցութեան
վերադառնալ, պատկան իշխանութիւններու պիտի դիմեն՝ ցոյց տալով հետեւեալ փաստաթուղթերէն
որեւէ մէկը. 1. Ժամանակաշրջանի անցագիր կամ անցագիրի տեղ գործածուած փաստաթուղթ. 2.
Եկեղեցւոյ կամ սինակոկի արձանագրութիւն. 3. Փոքրամասնութեան վագըֆներու արձանագրութիւնը. 4.
Իրենց նախկին բնակավայրերու բնակիչներու վկայութիւններ. 5. Օսմանեան փաստաթուղթեր,
զինուորական արձանագրութիւններ, ազգաբնակչական արձանագրութիւններ, ճամբորդանաւու արձանագրութիւններ,
ամուսնական փաստաթուղթեր, կալուածի արձանագրութիւններ. 6. Իրենց ապրած երկիրներու
իշխանութիւններէն ստացուած փաստաթուղթ այն մասին, թէ անոնք հոն ապաստանած են՝ Թուրքիայէն
արտաքսուած ըլլալու հետեւանքով։ Եթէ բանաձեւը վաւերացուի, ապա նախարարաց խորհուրդը
երեք ամսուան ընթացքին պէտք է պատրաստէ զայն գործադրելու կանոնագիրը։