2014-02-27 09:51:04

Ուքրանիոյ մէջ բախումները կը շարունակուին


Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Խրիմի խորհրդարանի շէնքին մօտ Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւններու քանի մը հարիւր հակառակորդներու եւ առնուազն երկու հազար թաթարներու միջեւ բախում տեղի ունեցած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւններուն հակառակորդները երեքշաբթի օրուընէ ի վեր Խրիմի խորհրդարանին մօտ անժամկէտ ցոյց կը կատարէին` Խրիմի ղեկավարութենէն պահանջելով չճանչնալ Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւնները:
«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ թաթարները «փառք Ուքրանիոյ» բացագանչած են, իսկ ռուսամէտները «Ռուսիա» պատասխանած են:
Ուքրանիոյ նախկին նախագահներ Լէոնիտ Քրաւչուք, Լէոնիտ Քուչմա եւ Վիքթոր Եուշչենքօ երէկ միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով դատապարտեցին խրիմեան քաղաքականութեան մէջ Ռուսիոյ միջամտութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.