2014-02-26 09:39:12

«Հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեամբ երկրին ամբողջ կեանքը կը վերանորոգուի» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հռոմէն վերադարձաւ Լիբանան, աւարտելէ ետք երկշաբաթեայ իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցած էր Ֆրանչիսկոս պապին հետ եւ մասնակցած Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած կարտինալներու ժողովներուն:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ռայի պատրիարքը ողջունեց Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը` նշելով, որ անիկա լիբանանցիներուն մօտ յառաջացուցած է հանգստութիւն մը:
Ան յաջողութիւն մաղթեց նոր կառավարութեան` յոյս յայտնելով, որ ան իր ծառայութիւններով կարենայ գոհացնել լիբանանցիներուն կարիքները: «Արդէն նախարարները այս նպատակին համար նշանակուած են, եւ մենք պէտք է աշխատինք անոնց հետ եւ նեցուկ կանգնինք անոնց, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կազմակերպել, որովհետեւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեամբ երկրին ամբողջ կեանքը կը վերանորոգուի», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.