ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Սինյիս 2014 համաշխարհային գիտաժողովի մասնակցողներուն։
Սինյիս գործակալութեան համաշխարհային 2014-ի գիտաժողովը սկիզբ կ'առնէ Հռոմի մէջ, 25
փետրուարին, որպէս բանաբան ունենալով. ''ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցները խաղաղութեան
մշակոյթի ի խնդիր` նորանոր պատկերներ ստեղծել նոր սերունդներուն հետ։''
Վերոյիշեալ
գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 80 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 300 լրագրողական
աշխարհի կաթողիկէ մասնագէտներ։ Գիտաժողովը վերջ պիտի գտնէ մարտ 1-ին, մինչ 26 փետրուարին
ժողովականները Սուրբ Պետրոս կը ժամանեն մասնակցելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի
հրապարակային ունկդրութեան։ Գիտաժողովին առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր առաքելական
օրհնութիւնն ու քաջալերական պատգամ մը ուղղած է բոլոր մասնակցողներուն։ Պատգամին
մէջ Սրբազան Հայրը կը գնահատէ Սինյիս գործակալութեան գիտաժողովը որ ''բարեպատեհ առիթ
մը կը հանդիսանայ պատկերի միջոցաւ հաղորդելու նոր սերունդին փորձառութիւնները, յոյսերը
ու անոնց կասկածները''։ ''Համաշխարհականացած երկրագունդի մը մէջ կ'ապրինք ուր յառաճուն
նոր մշակոյթներ ի յայտ կու գան իրենց սեփական բարբառներով, խորհրդանիշերով ու պատկերներով''։
Կը գրէ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ ու կը հաստատէ ''Կաթողիկէ հաղորդավարները, ի տես
այս մարտահրաւէրին, կանչուած են ներկայացնելու Աւետարանին իմաստութիւնը, ճշմարտութիւնը,
գեղեցկութիւնը, բարբառով մը որ մատչելի ըլլայ անհամար մարդոց եւ կարող` լուսաբանելու
անոնց միտքերն ու յուզելու անոնց սրտերը''։ Ան ապա պատգամը կ'եզրափակէ իր վստահութիւնը
յայտնելով որ գիտաժողովի բանակցութիւնները առիթ պիտի ընծայեն մասնակցողներուն, ներշնչուելու
ու քաջալերուելու լաւագոյնս կատարելու համար իրենց յանձնուած պատասխանատուութիւնն ու
աշխատանքը։