2014-02-21 11:29:15

''Աղօթենք Ուքրանիոյ համար''։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի խօսքը կարտինալական ընդհանուր հաւաքի երկրորդ օրուայ աշխատանքներուն առթիւ։


Ուրբաթ, 21 փետրուարին, Վատիկանի Սիւնհոդոսական սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, սկիզբ առին, ''Ընտանիքի'' նիւթին մասին գումարուած Կարտինալական ընդհանուր ժողովի երկրորդ օրուայ աշխատանքները, ''Երրորդ Ժամու'' ժամասացութեամբ։
Աշխատանքային նիստի սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն որուն մէջ ուզեց յատուկէն ողջունել բոլոր Ուքրանացի կարտինալները որ ''այս օրերուն կը տառապին եւ իրենց Եկիրը կ՛ապրի դժուար պահեր'' ըսաւ Քահանայապետը, հրաւիրելով ներկաները միանալու իրեն զօրակցական այս պատգամին։
Ան ապա դարձեալ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Կարտինալ Գասբերին` անոր ներկայացուցած զեկոյցին համար։ Երէկ երեկոյեան դարձեալ կարդացի Կարտինալ Գասբերի զեկոյցը ու կ՛ուզեմ սրտագին շնորհակալութիւն յայտնել անոր որով, իր խօսքերուն մէջ խոր աստուածաբանութիւն մը կայ – ըսաւ Քահանայապետը - աւելցնելով թէ հոն գտած է նաեւ Եկեղեցական պատկանելիութեան խոր իմաստը, Եկեղեցւոյ հանդէպ սէրը։
Կարտինալներու խորհրդածական այս ժողովի նիստերը վերջ կը գտեն այսօր երեկոյեան, իսկ շաբաթ 22 փետրուարին` Սուրբ Պետրոս առաքելապետի աթոռի տօնին օրը, նախատեսուած է նոր նշանակաուած 19 Կարտինալներու, կարտինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.