«Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն քաղաքական համագործակցութիւնը կը շարունակուի»` յայտնած
է Արթուր Բաղդասարեան
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործողութիւններու ծրագիրի կատարումը ապահովող 2014-2015
թուականներու նախաձեռնութիւններու նոր ցանկի նախագիծը քննարկուած է եւ հաւանութեան արժանացած
եւրոպական կառոյցներուն հետ Հայաստանի պետական մարմիններու համագործակցութիւնը համակարգող
միջնախարարական յանձնախումբի 17-րդ նիստին, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի 19 փետրուարին,
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, միջնախարարական յանձնախումբի նախագահ Արթուր
Բաղդասարեանի նախագահութեամբ: «Այս նիստը կարեւոր է թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ բովանդակային
առումով: Վերջին շրջանին շատ կը խօսուի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն
մէջ առկայ անկումներուն, իսկ որոշ յոռետեսներ կը խօսին նոյնիսկ տապալման մասին: Ես կը
ցանկամ զանոնք հիասթափեցնել` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն քաղաքական համագործակցութիւնը
կը շարունակուի», շեշտեց Բաղդասարեան: Ըստ անոր, այս տարիէն սկսեալ արդէն Հայաստանի
քաղաքացիները կ՛ունենան դիւրացուած այցեգրային դրութիւն, կրնան առանց արգելքներու մեկնիլ
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ, գործարարները կրնան շուրջ 6000 արտադրատեսակներ արտահանել
Եւրոպական Միութիւն` առանց մաքսատուրքերու կամ շատ զեղչուած սակագիներով: Բաղդասարեան
տեղեկացուց նաեւ, որ ձեւաւորուած օրակարգի ծիրին մէջ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան
դատական-իրաւական համակարգին ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ, եւ
պիտի արդիականացուի Հայաստանի քաղաքական համակարգը: