2014-02-18 11:59:46

''Փորձութիւնները վարակիչ մահացու հիւանդութիւն մըն են։ Մինչ Յիսուսի խօսքը խնամակալ ու փրկարար է:'' Ըսաւ Քահանայապետը իր 18 փետրուարի քարոզին մէջ


''Փորձութիւններուն հմայքին դիմադրելը կարելի է միայն երբ Յիսուսի Խօսքը ունկնդրենք'' ու հակառակ մեր տկարութիւններուն, Քրիստոս մեր վրայ մեծ վստահութիւն ունի'', այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, 18 փետրուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։
Փորձութիւնները կը յայնտուին որպէս անվնաս ու գրաւիչ եղելութիւն ու ապա կը վերածուին իսկական վանդակի – ըսաւ Քահանայապետը – հաստատելով թէ Աստուած չէ որ փորձութեան կ՛ենթարկէ մարդը այլ անոր ցանկութիւններն են` որոնցմէ յառաջ կու գայ մեղքը, ու մեղքը մահուան կ՛առաջնորդէ։
''Փորձութիւնը կը փնտռէ միշտ ուրիշ մը, ընկերութեան համար, վարակիչ է'', ու երբ մենք փորձութեան մէջ ենք, Աստուծոյ խօսքը չենք ունկնդրեր։ Խուլ կը դառնանք։ Որովհետեւ փորձութիւնը մեզ կը կղզիացնէ, հեռատեսութեան հորիզոնները կը փակէ մեր առջեւ ու մեզ կը մղէ դէպի մեղք։ Եւ երբ փորձութեան մէջ կը գտնուինք մեր միակ փրկութիւնը կու գայ Աստուծոյ խօսքէն։ Այդ խօսքը մտիկ ընելով մեր առջեւ կը բացուին հորիզոնները ու Տէրը մեզի ցոյց կու տայ ինչպէս դուրս գալ մեղքի իրավիճակէն։
Հայցենք Տիրոջմէ որ մեզի պարգեւէ շնորհքը չփակելու մեր հորիզոնը, այլ մեր աչքերը սեւեռելու Անոր` ու յառաջ ընթանալու ունկնդրելով անոր փրկարար խօսքը – ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզը եզրափակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.