2014-02-14 11:18:09

Ընտանեկան դաստիարակութիւնը


RealAudioMP3 Մարդկային, հոգեբաբանական, եւ հոգեւոր գէտնի վրայ, դաստիարակութեան վայրը ընտանիքն է, ծնողքին ուսուցումը եւ բարի օրինակը: Ծնողքն ալ, սակայն, պէտք ունին Եկեղեցւոյ օգնութեան` հաստատելու համար իրենց զաւակներուն հոգեւոր, բարոյական ու մարդկային դաստիարակութիւնը:
Մարդը իր բնութեամբ «ընկերային» է, կը շեշտեն իմաստասէրները. ուստի դաստիարակութիւնը պէտք է սորվեցնէ երեխաներուն, վաղուան մարդոց` յարաբերութիւններ մշակելու գաղտնիքը. յարաբերութիւն Աստուծոյ, ընտանիքին, ինքնիր անձին, ընկերոջ եւ ամէն մարդու հետ:
Պէտք չէ սորվեցնել միայն արհեստ եւ ապրուստ ճարելու գատնիքը, որովհետեւ այս բաները կրնայ ինքիրեն կամ ալ արհեստանոցի մը մէջ սորվիլ, այլ տալ իսկական իմաստը կեանքին, անոր ծագումին, նպատակին եւ կենցաղին:
Իւրաքանչիւր մարդ պէտք ունի հոգեւոր սկզբունքներու եւ համոզումներու, քանի որ մարդ արարած ունի հոգեւոր եւ ֆիզիքական կեանք: Իւրաքանչիւր մարդ պէտք ունի բարոյական օրէնքի, որ կը կապէ մեր խիղճը, որովհետեւ ունի ճոխութիւն:
Հօր հեղինակութիւնը միացած մօր գուրգուրանքին ու սէրին, անփոխարինելի գործօններն են իրենց զաւկին ֆիզիքական, զգացական, հոգեբանական աճումին եւ նկարագրին ամբողջական կազմաւորումին համար: Զաւակին արբունքի շրջանին, ծնողքը պէտք է արթնցնեն անոր հոգիին մէջ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, որպէսզի ան ապագային կարենայ ընտրել իր կեանքի ուղին: Որքան ցաւալի է այն զաւակներուն վիճակը, որոնք կ՛ապրին իրարու անհաշտ, բաժնուած ընտանեկան բոյնի մը մէջ, առանց հօր կամ մօր յարատեւ ներկայութեան: Որքան վատ ազդեցութիւն կը գործեն զաւակին հոգեբանութեան վրայ ծնողաց անվերջանալի կռիւները կամ անպարկեշտ կենցաղը: Ընդհակառակն` որքան տպաւորիչ է ծնողքին բարի օրինակը, զոր կու տան իրենց զաւակներուն, երբ իրենց անհասկացողութիւնները կը փարատեն վերադառնալով իրենց սիրալիր կենակցութեան: Ընտանիքը բազմաթիւ սերունդներ հայթայթելով, կը հանդիսանայ մարդկային ընկերութեան անկիւնաքարը:
Այս ամբողջը ապահովել զաւակներուն` նուիրական պարտականութիւնն է ծնողքին:
Ծնողքները ոչ թէ միայն գործիքներն ու միջոցներն են կեանք տալու, այլ նաեւ անոնք կը պաշտպանեն, կը մշակեն, կը զարգացնեն տարիներով այս կեանքը, եւ կը պատրաստեն հոգիներն անոնց, որոնք իրենց խնամքին յանձնուած են, ընդունելու գերբնական նուէրը կեանքի եւ զայն պաշպանելու: Անոնք կարող գործիքներ են բնական եւ գերբնական կեանքի, այսինքն` շնորհքի: Ուրիշներ կարող են ըլլալ օգտակար, սակայն ոչ ոք կրնայ այսպէս արդիւնաւոր եւ ազդեցիկ կերպով կատարել այս նուիրական ծառայութիւնը ի սպաս ուրիշին, ինչպէս ծնողները:
Մարդ մը, որուն կապուած պարտականութիւններու զանցառութիւնը կրնայ այնքան ծանր հետեւանքներ ունենալ մարդկային կեանքին վրայ, չի կրնար ձգուիլ առանց հովուական մեծ ուշադրութեան: Ծնողները իրենց մասնակցութիւնը կրնան դիւրաւ եւ աւելի արդիւնաւոր բերել եթէ ծրագրուի եւ գործադրուի ընտանիքի հովուական գործունէութիւնը, որուն մասին գանիցս խօսած ու շեշտած է եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.