2050թ. Եւրոպայի իւրաքանչիւր հինգերորդ բնակիչը Մահմետական պիտի ըլլայ
Գաղթականներու ամերիկեան հիմնարկի մը հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ 2050-ին Եւրոպայի
իւրաքանչիւր հինգերորդ բնակիչը մահմետական պիտի ըլլայ: Այսօր իսլամներու թիւը եւրոպական
երկիրներուն մէջ կը կազմէ մօտ 5% տոկոսը: Սակայն 2050-ին այդ թիւը աճած պիտի ըլլայ եւ
տոկոսային համեմատութիւնը հասած պիտի ըլլայ 20%-ի: Մեծն Բրիտանիոյ, Սպանիոյ եւ Հոլանտայի
մէջ այս թիւը պիտի հասնի շատ աւելի բարձր տոկոսներու: Պատճառը՝ Եւրոպական Միութեան երկիրներու
քաղաքացիներուն մօտ ծնունդի ցած չափանիշներն են, միաժամանակ իսլամական երկիրներէ գաղթածներու
ընտանիքներուն մէջ ծնունդի բարձր աստիճանի համեմատութեամբ: Բացի այս տուեալէն, սակայն,
վերջին հաշուարկներուն համաձայն, ամեն տարի մշտական բնակութիւն հաստատելու նպատակով՝
Եւրոմիութեան երկիրները կը հասնի մինչեւ 2 միլիոն գաղթական, որուն մեծ մասը իսլամներ
են: Հետզհետէ ծաւալող այս երեւոյթը մասնագէտները կ’որակեն «ժողովրդագրական ժամանակային
ռումբ»: