2014-02-08 08:51:30

Պոսնիոյ մէջ անկարգութիւնները 130 վիրաւոր կը պատճառեն


Պոսնիոյ հիւսիս արեւելքը գտնուող Թուզլա քաղաքին մէջ ծայր հակակառավարական ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած է 130 վիրաւոր, որոնցմէ 104-ը ոստիկաններ են: Ասիկա 2-րդ օրն է, որ ցոյցեր տեղի կ՛ունենան երկրին տնտեսութեան անկումին պատճառով: Պոսնիոյ մէջ անգործութեան համեմատութիւնը հասած է 40 առ հարիւրի:
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ բժիշկները նշած են, թէ «30 ցուցարար եւ 104 ոստիկան ուղարկուած են Թուզլայի շտապօգնութեան կեդրոն: Վիրաւորներու մեծ մասը կը տառապի արցունքաբեր կազի թունաւորումէն»:
Լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուզլայի ցոյցերուն մասնակիցներուն թիւը 7 հազար է, սակայն ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ ցուցարարներու թիւը չէ գերազանցած երկու հազարը:
Ոստիկանները արցունքաբեր կազ օգտագործած են ցրուելու համար ցուցարարները, երբ վերջիններս սկսած են պետական եւ համայնքային հաստատութիւններու վրայ քարեր ու ծուխ արձակող ռումբեր նետել: Ոստիկանները տեղական վարչական շէնքերու առջեւ պատ կազմած են, որպէսզի արգիլեն ցուցարարները` շէնքեր մտնելէ: Ցուցարարները խուժած են դէպի ոստիկաններու պատը: Շրջանային պատկերասփիւռի կայաններէն մէկը հաղորդած է, որ ոստիկանութիւնը կը ցրուէ ցուցարարները, որոնք կ՛երթան քաղաքի կեդրոնը գտնուող խանութները թալանելու եւ տուներու պատուհանները կը կոտրեն:
Բացի ատկէ, բողոքի ցոյցերուն ալիքը հասած է նաեւ Պոսնիոյ այլ քաղաքներ, ներառեալ` մայրաքաղաք Սարայեւօ:
Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած էր նոյնպիսի ցոյց մը, որուն մասնակցած էին սնանկացած պետական ընկերութիւններու պաշտօնեաները, որոնք ամիսներէ ի վեր աշխատավարձ չէին ստացած:







All the contents on this site are copyrighted ©.