Իսրայէլի գերագոյն ատեանը կը կասեցնէ բաժանումի պարիսպի կառուցման աշխատանքը Գրեմիզոն
ձորին մէջ։
Իսրայէլի գերագոյն ատեանը, 4 փետրուարին, անգամ մը եւս հրահանգած է բաժանումի պարիսպի
կառուցման աշխատանքը կեցնել, Բեթղեհէմի մօտ գտնուող Գրեմիզոն ձորին մէջ։ Ի լուր այս
վճիռին, 'Սան Իվ' մարդու իրաւունքներու պաշտպան ընկերակցութիւնը, որ կախում ունի Երուսաղէմի
Լատին Պատրիարքութենէն, իր խնդակցութիւնը յայտնած է։ Յայտնենք որ իսրայէլեան կառավարութիւնը
մտադիր է բաժանումի պարիսպը կառուցանել Պաղեստինի պատկան կալուածին վրայ։ Այդ պատի
շինութիւնը նախատեսուած է սալեզեան միաբանութեան հողին վրայ, երկու մասի բաժնելով միաբանութիւնը,
եւ միաժամանակ` արտահան ընելով քրիստոնեայ 58 ընտանիքներ իրենց հայրենի հողերէն։ Քրիստոնեայ
աշխարհը բողոք ներկայացուցած է Իսրայէլի կառավարութեան։ Անցեալ ամիս ԱՄՆի, Եւրոպայի ու
Գանատայի եպիսկոպոսներու մէկ խումբը այցելութիւն կատարած էր Գրեմիզոն ձորի բնակիչներուն
եւ բողոքի նամակ մը ուղղած է ԱՄՆի պետական քարտուղար Ճոն Քեռիին, որպէսզի իր կարգին ճնշում
բանեցնէ Իսրայէլի կառավարութեան վրայ