Երուսաղէմի Պատրիարքարանը 50,000 տոլար կը նուիրէ Սուրիահայութեան
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանը Հինգշաբթի, Փետրուար 6 թուակիր հաղորդագրութեամբ
մը տեղեկացուց, թէ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը, Յունուար 21-23ին տեղի ունեցած Ընդհանուր
ժողովին ընթացքին, քննած է նաեւ Սուրիոյ ու յատկապէս սուրիահայութեան իրավիճակը, ապա
պատրիարքին առաջարկով ու միաբանութեան հաւանութեամբ, որոշած է 50,000 տոլար գումար մը
յատկացնել սուրիահայութեան կարիքներուն: