2014-02-05 14:10:50

Հայր Ֆէտերիքօ Լոմպարտին արժանացաւ հաղորդամիջոցներու ''ՊՐԱՎՕ'' մրցանակին։


Չորեքշաբթի, 5 փետրուարի ժամը 12,00 ին, Սպանիոյ մէջ, ընկերային հաղորդամիջոցներու՝ թեմական պատուիրակութիւններու համագումարի աւարտին (3 – 5 փետրուար), որուն բնաբանն էր` ''Բանբեր եւ լրատուական գործակալութիւն. միացնել իշխանութիւնը եւ հանրութիւնը'', Մատրիտի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական ''ՊՐԱՎՕ'' մրցանակի շնորհումը։ Պրավօ մրցանակը կը շնորհուի որպէս երախտագիտութին՝ լրատուական այն գործիչներուն որոնք յատկանշուեցան` մարդու արժանապատութեան, անոր իրաւունքի եւ Աւետարանի արժէքներուն ի սպաս սատարած ծառայութեան համար։ Այս տարուայ մրցանակակիրներու շարքին էր նաեւ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն եւ Ռատիօ Վատիկանի ընդհանուր տնօրէն՝ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ՝ Հայր Ֆէտերիքօ Լոմպարտին որուն շնորհուեցաւ ''Յատուկ մրցանակ''։
Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ծիրէն ներս Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, զրոյց մը ներկայացուց անդրադառնալով ''Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մատուցած ծառայութեան'' նիւթին, շեշտը դնելով ''հաղորդագրութեան'' թափանցկիութեան կարեւորութեան վրայ։ Հայր Լոմպարտին, անդրադարձաւ նաեւ ''Բանբերի'' դերին եւ անոր յատկութիւններու մասին։
Մրցանակը ստանալէ ետք Վատիկանի բանբերը իր ուղղած շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքին մէջ ակնարկեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայպետին հրաւէրներուն` պատիւներ եւ աշխհարիկ ունայնութիւններ չփնտռելու ու ասոր համար մրցանակ մը ստանալը կրնայ դժուարութեան մատնել մրցանակակիրը։ Ան ապա յայտնեց թէ ''ՊՐԱվՕ'' մրցանակը, մխիթարութիւն մըն է որովհետեւ կ՛ապացուցէ շիտակ ուղիով կ՛ընթանանք եւ թէ մեր սրտէն եւ մտքէն բխած պատգամները հասան ուրիշներու սրտերուն եւ միտքերուն։
Ամէն անգամ որ այս մրցանակին նայինք մենք պիտի յիշենք թէ ո՞րն է առաքելութիւնը որուն կանչուած ենք ամէն մեր ուժերով որպէսզի արժանի ըլլանք մեր մարդկային եւ քրիստոնէական կոչումին եւ մեզի վերապահուած վստահութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.