Հայաստանի կառավարութիւնը շաբաթ օր հրապարակեց Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան
«ճամբու քարտէս»-ը: Փաստաթուղթը վերնագրուած է «Մաքսային միութեան եւ Պիելոռուսիոյ
Հանրապետութեան, Ղազախստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Միասնական տնտեսական տարածքին
Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան միջոցառումներու ծրագիր («ճամբու քարտէս»): Հրապարակուած
է նաեւ «ճամբու քարտէս»-ի իրականացման ուղղուած գործողութիւններու ժամանակացոյցը, որ
բաղկացած է 249 էջէ: