2014-01-31 09:59:27

Քահանայապետի Փետրուար 2014-ի աղօթքի դիտաւորութիւնները։


Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոնարական'' աղօթքի դիտաւորութիւններու, 2014-էն սկսեալ կը ստանձնեն ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանացումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կարեւորութեան եւ վերարծարծելու 2012-ի աւետարանութեան մասին սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։
2014-ի Քահանայապետական աղօթքներու դիտաւորութիւնները լոյս տեսած էին անցեալ 26 փետրուար 2013-ին, Օսսեվաթորէ Ռոմանօ` վատիկանեան օրաթերթի էջերուն մէջ եւ ընտրուած են վաստակաւոր Քահանայապետ` Պենետիկտոս ԺԶ-ի կողմէ, որ 2014-ի Փետրուար ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրած էր.

Որպէս ''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` Որպէսզի տարեցներու իմաստութիւնն ու փորձառութիւնը ճանչցուին Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ։
Իսկ որպէս ''աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` Որպէսզի քահանաները, կրօնաւորներն ու աշխարհականները վեհանձնօրէն համագործակցին աւետարանացումի առաքելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.