2014-01-31 10:21:42

Պսակի Խորհուրդը Կանայի հարսանիքին ընդմէջէն


RealAudioMP3 Անկասկած, ծանօթ է մեզի Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ սարքուած հարսանիքին դրուագը, զոր միայն չորրորդ աւետարանիչը` Ս. Յովհաննէս առաքեալը կը պատմէ մեզի: Գանիցս կարդացած ենք այս դրուագը, գանիցս մեկնաբանած ենք, որովհետեւ անոր մէջ տեսած ենք ամուսնական կեանքի գլխաւոր իմաստը եւ խորհուրդը:
Կանայի հարսանիքին ներկայ էին Յիսուս, Մարիամ եւ կարգ մը աշակերտներ: Հարսանիքի ժամանակ աւետարանիչը կը պատմէ թէ անոյշ գինին սեղանէն պակսեցաւ: Ո՞վ կ’անդրադարնայ այդ պակասին. սեղանապե՞տը, Սպասաւորնե՞րը: հետաքրքրական է, որ ոչ սեղանապետը եւ ոչ ալ սպասաւորները կ’անդրադարնան գինիի պակասին, հակառակ անոր որ սպասաւորներուն կ’իյնայ պարտականութիւնը սեղանին պէտքերը ապահովելու եւ միշտ պակասութիւնները լեցնելու: Եւ ի՞նչ կը պակսի սեղանին: Կը պակսի կացը, խմիջքը, սեղանին ամէնէն էականը` գինին, որ խորհրդանիշ է ուրախութեան, կենացի: Հետաւաբար, Յիսուսի Մայրն է, որ կ’անդրադառնայ այդ էական պակասին, եւ Յիսուսին կը դիմէ ըսելով. «Գինի չունին»:
Յիսուս կը պատասխանէ. «Ի՞նչ կ’ուզես ինձմէ, ո՛վ կին, քանի որ տակաւին ժամս չէ հասած»: Այլ խօսքով Յիսուս կ’ուզէր ըսել թէ իր փառաւորութեան ժամը` այսինքն խաչի եւ մահու ժամը տակաւին չէ հասած, գինին նոր ուխտի արեան փոխելով` քաւութեան եւ թողութեան համար:
Հետոյ կը հրամայէ սպասաւորներուն որ քարէ վեց թակոյկները ջուրով լեցնեն: Եւ այդտեղ արդէն հրաշքը տեղի կ’ունենայ, ջուրը գինիի կը փոխուի, եւ ասիկա կ՛ըլլայ սկիզբը Յիսուսի հրաշքներուն իր Աստուածային փառքը յայտնելով իր առաջին աշակերտներուն, որոնք հրաւիրուած էին խնճոյքի:
Յիսուս ի՞նչ ուզեց մեզի սորվեցնել Կանայի հարսանիքին մասնակցելով:
Նախ եւ առաջ ուզեց օրհնել պսակը այր մարդուն եւ կնկան միջեւ, յիշեցնելով որ պսակը Աստուածային խորհուրդ է. Աստուած զայն ուզեց եւ օրհնեց: «Ինչ որ Աստուած միացուցած է, թող մարդ զայն ամենեւին չբաժնէ», ըսած է Յիսուս: Հետեւաբար անլուծանելիութիւնը Պսակի Խորհուրդի հանգամանքին գլխաւոր արդիւնքն է:
Ինչպէս որ գինին էական է բոլոր խնճոյքներուն եւ ուրախութիւններուն, նոյնպէս ալ սէրը հիմնական է, եւ կեդրոնն է ամուսնութեան խորհուրդին: Ասոր համար է որ Պսակի ատեն կը կարդանք Պօղոս առաքեալի եփեսացիներուն ընթերցումը, ուր սուրբ Պօղոս կը թելադրէ Այրերուն ըսելով. «Այրեր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները ինչպէս որ Քրիստոս սիրեց եկեղեցին, եւ իր անձը (կեանքը) նուիրեց անոր»:
Ի՞նչպէս որ Մարիամ ըսաւ սպասաւորներուն. «Ըրէ՛ք ինչ որ հրամայէ ձեզի», եւ սպասաւորները հնազանդեցան Յիսուսի հրահանգներուն: Նոյնպէս ալ ամուսնութիւն մը չի կրնար գոյատեւել եթէ փոխադարձ հնազանդութիւն չկայ: Առողջ հնազանդութիւն, գիտակից հնազանդութիւն եւ ոչ թէ կոյր հնազանդութիւն:
Վերջապէս, ինչ որ պատահեցաւ Կանայի հարսանիքի ընթացքին, կրնայ նաեւ պատահիլ որեւէ ամուսնութեան ընթացքին, որով կը սկսի խանդավարութեամբ եւ ուրախութեամբ, բայց այդ սկիզբի խանդավարութիւնը, ինչպէս գինին Կանայի հարսանիքին, ժամանակուայ ընթացքին մերթ ընդ մերթ կը սպառի եւ կը սկսին ըսուիլ թէ ընտանիքներուն մէջ սէր չկայ:
Հետեւաբար, Կանայի հարսանիքը կոչ մըն է զոյգերուն համար, որպէսզի Յիսուսը հրաւիրեն իրենց տուներուն մէջ եւ իրմէ խնդրեն որպէսզի կրկնէ Կանայի հարսանիքին հրաշքը` ջուրը գինիի վերածելու: Ուրիշ խօսքով` գաղջութեան ու Routini ջուրը` սիրոյ եւ ուրախութեան գինիի, փոխադարձ յարգանքի եւ սիրոյ: Այսպէսով Քրիստոս բոլոր տուներուն եւ ընտանիքներուն մէջ իր փառքը կը յայտնէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.