2014-01-31 10:18:16

ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ. «Հայերը ինչո՞ւ կը լքեն Հայաստանը» հետազօտութեան արդիւնքներու ներկայացում


Երէկ` հինգշաբթի, 30 յունուարի երեկոյեան ժամը 8:00¬ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արտագաղթի տագնապը Հայաստանի մէջ» նիւթով դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին «ՏԵՓՈՓ» հետազօտական խումբը ներկայացուց «Հայերը ինչո՞ւ կը լքեն Հայաստանը» հետազօտութեան արդիւնքները:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀԲԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Խօսնակ»¬ի խմբագրապետ Համբիկ Մարտիրոսեան, որ խօսելով Հայաստանէն արձանագրուող արտագաղթին մասին նշեց, որ այդ երեւոյթը ճակատագրական վիճակ կը պարզէ, որ դարձած է ախտ, եւ եթէ անոր առաջքը չառնուի, ապա պիտի դառնայ լախտ:
Մարտիրոսեան յայտնեց, որ արտագաղթը համաշխարհային համաճարակ է, իսկ մեր պարագային գործի տագնապի, ընկերային-տնտեսական պայմաններու, բնակարանային խնդիրներու, ապահովական կացութեան պատճառով քաղաքացիները կը լքեն երկիրը` աւելցնելով, որ արտագաղթը վերածուած է աղէտի, որովհետեւ շուրջ 1,200,000 հայեր լքած են երկիրը:

Մարտիրոսեան նշեց, որ ՀԲԸՄ-ը իր հսկայական ներդրումներուն կողքին` զգալով, որ պէտք է ահազանգ հնչեցնէ, տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպած է այս դասախօսական շարքը: Ապա ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր Կամօ Մայիլեանի կենսագրական գիծերը:
Արտագաղթի երեւոյթը հետազօտող խումբը կազմուած է Ռուս-հայկական (սլաւոնական) համալսարանի հետազօտական խումբէն, Երեւանի պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքի հետազօտական կեդրոնէն, Արշակ Պալայեանէ, Արմէն Կաքաւեանէ եւ Աւետիս Մեճլումեանէ բաղկացած հետազօտական խմբակէն, ինչպէս նաեւ «Հրայր Մարուխեան» հիմնարկէն: Հետազօտութիւնը կը հովանաւորէ «Գոլոլեան» հիմնարկը:







All the contents on this site are copyrighted ©.