2014-01-30 14:03:59

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը: ԱՄՆ-ի Նոթր Տամ Համալսարանի պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպում։


Հինգշաբթի, 30 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Աւստրիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի խումբ մը եպիսկոպոսներ, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Հանդիպման ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եպիսկոպոսներուն յանձնեց այս առթիւ պատրաստած պատգամը։
Ան ապա Քլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Միացեալ Նահանգներու ''Նոթր Տամ'' Համալսարանի 130 հոգիէ կազմուած պատուիրակութեան մը որ Հռոմ կը գտնուի վերոյիշեալ համալսարանի Հռոմի մասնաճիւղի բացման առթիւ։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ''Վստահ եմ որ նոր կեդրոնը պիտի սատարէ Համալսարանական առաքելութեան'', բանալով հոն ուսանողներու մտքերն ու սրտերը ''յաւիտենական քաղաքի'' պատմական, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներու վրայ''։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց ''Նոթր Տամ'' համալսարանի առաքելութեան ու անոր Եկեղեցւոյ եւ Երկրին տուած սատարին, երիտասարդներու հոգեւոր դաստիարակութեան ծիրէն ներս։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, Նոր Աւետարանութեան առաքելութեան ուղիով իրենց յանձնառումին համար, ինչպէա նաեւ Միացեալ Նահանգներու դպրոցներուն մէջ Կաթողիկէ ուսուսցումի զարգացումի գործունէութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մատնանշեց համալսարանի հիմնադիր` Հայր Էտուարտ Սորին-ի եւ Սուրբ Խաչ միաբանութեան անդամներու ներշնչումին հիմնելու ''Նոթր Տամ'' համալսարանը 1842-ին, հուսկ մաղթեց որ համալսարանը շարունկէ իր կաթողիկէ ինքնութիւնը վկայել։
Սրբազան Հայրը խօսքը աւարտեց ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն Աւետարանի ծառայութեան ի սպաս իր առաքելութեան համար, անոնց վստահեցնելով իր փոխադարծ աղօթքները. հուսկ բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային իմաստութեան, ուրախութեան եւ խաղաղութեան պարգեւները։








All the contents on this site are copyrighted ©.