2014-01-30 10:13:49

Օպամա շեշտը դրաւ եկամուտի անհաւասարութեան նուազեցման վրայ


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Երեքշաբթի, Յունուար 28ին, Քոնկրեսի լիագումար նիստին ընթացքին արտասանեց «Միութեան Վիճակը» ճառը՝ շեշտը դնելով եկամուտի անհաւասարութիւնը նուազեցնելու եւ միջին դասակարգը զօրացնելու ջանքերուն վրայ: Ան ցաւ յայտնեց, որ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին տնտեսական աճէն օգտուած են գլխաւորաբար մեծ ընկերութիւնները, եւ բաժնետոմսերուն գիները նոր մրցանիշներ հաստատած են, սակայն միջին աշխատավարձը յատկանշական աճ չէ արձանագրած: «Անհաւասարութիւնը խորացած է», աւելցուց ան:
Իր ծրագիրներուն դէմ դնելու Քոնկրեսի շարունակական քայլերուն ակնարկելով՝ Օպամա ազդարարեց, թէ գործադիր իշխանութեանց շնորհուած իրաւասութիններու սահմաններէն ներս, ի հարկին պիտի գործէ՝ առանց Քոնկրեսին հաւանութեան, ի շահ երկիրը տեղքայլէն դուրս բերելու ջանքերուն: Իբրեւ օրինակ, ան անդրադարձաւ ամերիկացի աշխատաւորներու աշխատավարձը բարձրացնելու կապակցութեամբ իր ներկայացուցած առաջարկներու մերժումին, որուն հակադարձելով՝ ան յայտարարեց, թէ պիտի ստորագրէ նոր օրէնք մը, որուն շնորհիւ պետական նոր ծրագիրներու վրայ աշխատողներուն նուազագոյն ժամականը 10.10 տոլարի պիտի բարձրանայ ներկայ 7.25 տոլարին փոխարէն: Օպամա անգամ մը եւս կոչ ըրաւ Քոնկրեսին, որ վերակենդանացնէ երկարաժամ անգործներուն դաշնակցային կառավարութենէն օժանդակութիւն տրամադրելու ծրագիրը, որ ջնջուած էր անցեալ Դեկտեմբերի վերջաւորութեան, իսկ ամերիկացիներուն կոչ ըրաւ անդամագրուելու իր առաջադրած առողջապահական ապահովագրութեան, զայն հզօրացնելու եւ ընդարձակելու նպատակով:
Արտաքին քաղաքականութեան մասին խօսելով՝ ան շեշտեց, թէ Իրանի հետ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին եւ շեշտեց, թէ այդ բանակցութեանց շնորհիւ, Իրան արդէն իսկ սկսած է սահմանափակելու իր հիւլէական գործունէութիւնը, իսկ Աֆղանիստանի մասին խօսելով՝ ան կրկնեց, թէ այս տարուան ընթացքին վերջ պիտի տրուի հոն հաստատուած ամերիկացի զինուորներու ռազմական գործունէութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.