2014-01-30 10:13:59

Սուրիական բանակցութեանց կողմերը դրական տեղաշարժ կը նկատեն


ԺԸՆԵՒ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի միջնորդութեամբ, Սուրիոյ կառավարական ու ընդդիմադիր պատուիրակութեանց միջեւ Ժընեւի մէջ Չորեքշաբթի, Յունուար 29ին շարունակուած բանակցութեանց կողմերը, առաւօտեան նիստէն ետք յայտարարեցին, թէ դրական տեղաշարժ արձանագրուած է բանակցութեանց ընթացքին մէջ, սակայն հակասական տեղեկութիւններ տուին բանակցութեանց կիզակէտին շուրջ:
Արդարեւ, ընդդիմութեան բանբեր Լուայ Սաֆի յայտնեց, թէ առաջին անգամ ըլլալով կարելի եղած է քննել փոխանցման կառավարութեան հարցը եւ «մենատիրութեան ու բռնարարքներուն վերջ տալու կարելիութիւնները»:
Իր կարգին, կառավարութեան պատուիրակութեան բանբեր Պուսայնա Շաապան յայտնեց, թէ կողմերը քննած են «Ժընեւ-1»ի վաւերացուցած փաստաթուղթին առաջին կէտը, որ կը խօսի բռնարարքները կասեցնելու հրամայականին մասին՝ աւելցնելով, թէ քննարկումը «ահաբեկչութիւնը զսպելու» վրայ կեդրոնացած է: Սակայն, ան դժգոհութիւն յայտնած է անոր համար, որ ընդդիմութիւնը կը փորձէ բանակցութիւնները արագօրէն միւս կէտերուն հասցնել՝ առանց բռնարարքները կասեցնելու հարցը ամբողջութեամբ քննելու:
Իպրահիմի յայտնեց, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին Հոմսի մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու կապակցութեամբ, որուն մասին եւս հակասական տեղեկութիւններ կը շրջին: Արդարեւ, կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ ընդդիմութեան զինեալները արտօնութիւն չեն տար, որ շրջափակուած շրջանի քաղաքայինները դուրս քան քաղաքէն՝ զանոնք օգտագործելով իբրեւ «մարդկային վահան»ներ, մինչ ընդդիմութիւնը կը յայտնէ, թէ կառավարութիւնը արտօնութիւն չի տար, որ Կարմիր Խաչի օժանդակութիւնները քաղաք մուտք գործեն: Կառավարութիւնը քաղաքայիններուն ապահով անցք պիտի ապահովէ, եթէ կառավարութեան փոխանցուի անոնց անուանացանկը: Սակայն ընդդիմութիւնը մերժած է այս առաջարկը՝ զայն նկատելով իր համակիրները տեղահանելու փորձ մը:
Իպրահիմի նաեւ յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը յաջողութեամբ պսակելու հարցով լուրջ են, եւ «ապագային պիտի ձգտինք գործակցելու Իրանի հետ, որպէսզի իր դերը կատարէ»:
Նշենք, որ բանակցութիւնները Երեքշաբթի օր ընդհատուած էին ընդդիմութիւնը զինելու Քոնկրեսի որոշումին պատճառով: Սուրիական կառավարական պատուիրակութիւնը բուռն կերպով առարկած է այդ որոշումը: «Չափաւորական ընդդիմութեան զէնք մատակարարելու ամերիկեան որոշումը Ռուսիոյ թափած ջանքերուն կը հակասէ», ըսած է Շաապան:







All the contents on this site are copyrighted ©.