2014-01-30 10:05:11

Ուքրանիոյ Վարչապետին հրաժարականը անբաւարար կը նկատուի


ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Ուքրանիոյ խորհրդարանը Չորեքշաբթի, Յունուար 29ին սկսաւ քննելու վերջին երկու ամսուան ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուածներուն ներում շնորհելու ընդդիմութեան պայմանը՝ նկատի ունենալով, որ ընդդիմութիւնը անբաւարար նկատած էր վարչապետին հրաժարականը: Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ ստորագրեց վարչապետ Նիքոլա Ազարովը պաշտօնէն հեռացնելու մասին հրամանագիրը, որմէ առաջ Ազարով արդէն իսկ իր հրաժարականը ներկայացուցած էր: Ազարով Մոսկուայի մօտիկ քաղաքական դէմք մըն է:
Ուքրանիոյ խորհրդարանը, քաղաքական տագնապը լուծելու նպատակով, մէկ օր առաջ նաեւ չեղեալ նկատած էր ցուցարարներուն դէմ վաւերացուցած վիճայարոյց օրէնքները, որոնք աւելիով զայրացուցած էին ցուցարարները:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ պիտի սպասէ Ուքրանիոյ նոր կառավարութեան կազմութեան՝ Քիեւի խոստացուած 15 միլիառ տոլարի տնտեսական օժանդակութեանց ծրագիրը գործադրելէ առաջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.