2014-01-30 10:00:08

Կարտինալ Սանտրիի ելոյթը Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ''Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հոգեւոր թէ նիւթական օգնութեան հարկաւորութիւնը'' ։


Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին կառավարիչ` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով, յայտնեց որ ''ներկայիս մարդահամար կը կատարենք Սուրիա մէջ ապրող կաթողիկէ քահանաներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի մօտէն հետեւիլ եւ օգնութեան հասնիլ անոնց կարիքներուն'' աւելցնելով թէ ''այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ բարեսիրական այն օգնութիւններուն որ մեր Ժողովը կը կատարէ, համագործակցելով բարեսիրական այլ մարմիններու հետ եւ որուն նպատակն է ամոքել Սուրիա ապրող քրիստոնեաներուն տառապանքը։
Անցեալ 21 նոյեմբերին, Միջին Արեւելքի պատրիարքներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը երաշխաւորեց որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները ընդհանրական եկեղեցւոյ սիրտը կը կազմեն։ Անոնց հոգեւոր ժառանգութիւնը Եկեղեցւոյ համար մեծ գանձ մըն է։ Երախտապարտ ըլլալու ենք անոնց քանի Աւետարնի լոյսը Արեւելքէն եկաւ։
Ելոյթին ընթացքին կարտինալ Սանտրի խօսեցաւ նաեւ` Իրաքի, Եգիպտոսի ու Լիբանանի մտահոգիչ իրավիճակի մասին։ Նոյնպէս եւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, յառաջիկայ մայիսին, Ս. Երկիր կատարելիք առաքելական այցելութեան մասին, վերակոչելու համար Պօղոս Զ. Քահանայապետի Ս. Երկիր կատարած առաքելական այցելութեան 50-րդ տարեդարձը ու անոր ողջագուրումը Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք Աթենակորասի հետ







All the contents on this site are copyrighted ©.