2014-01-30 10:02:51

100-Ամեակի Մարմինը այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին


28 Յունուար 2014-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը:
Վեհափառ հայրապետը նախ տեղեկացաւ 100-ամեակի տարուան համար մարմինին նախատեսած տարբեր բնոյթի ծրագիրներուն, որմէ ետք կատարեց հիմնական թելադրանքներ` աշխատանքներուն ընդհանուր ուղղուածութիւնը ճշդելու պահանջատիրութեան շեշտադրումով:
Կարեւոր նկատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կատարած դերը Ցեղասպանութենէն ետք, ինչպէս նաեւ ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային մարզերուն մէջ պահանջատիրութեան ուղղութեամբ ունեցած նկատառելի դերակատարութիւնը, 100-ամեակի մարմինը վեհափառ հայրապետին կատարեց առաջարկներ համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւններու շուրջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.