2014-01-29 09:40:23

Ուքրանական տագնապ. Եանուքովիչ ընդունած է Ազարովի եւ նախարարաց խորհուրդի հրաժարականը


«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ ստորագրած է վարչապետ Նիքոլայ Ազարովը պաշտօնէն հեռացնելու մասին հրամանագիրը: Համապատասխան հաղորդագրութիւնը տեղակայուած է նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:
Ազարով երէկ հրաժարական ներկայացուցած էր:
Նոյն հրամանագիրով, նախագահը ընդունած է նաեւ նախարարաց խորհուրդի հրաժարականը:
Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատան երէկ նիստ մը գումարեց` երկրին քաղաքական տագնապը լուծելու նպատակով, եւ չեղեալ նկատեց վիճայարոյց օրէնքները:
Ռատան մասնաւորաբար չեղեալ նկատեց 16 յունուարին որդեգրուած 9 օրէնքներ, ներառեալ` զանգուածային անկարգութիւններու համար պատիժի խստացման վերաբերեալ օրէնքը:
Այս օրէնքները զայրացուցած էին ցուցարարները, ինչ որ ոստիկաններու հետ բախումներու պատճառ դարձած էր:







All the contents on this site are copyrighted ©.