2014-01-29 09:40:07

Աղօթքի օր կազմակերպուած Սուրիա առեւանգուած յիսուսեան հայր Տալլոլիոյի համար


Յիսուսեան հայր Փաոլօ Տալլոլիօյի բարեկամները, 29 յունուար 2014-ին կազմակերպած են աղօթքի օր մը անոր ազատագրումի դիտաւորութեան։ Հայր Փաոլօ Տալլոլիօն բազմաթիւ տարիներու ընթացքին ծառայած է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։ Ան` անցեալ 30 յուլիս 2013-ին`, արեւանգուեցաւ Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ, Սուրիոյ ծայրայեղ մահմետականներէն։
29 յունուարի երեկոյեան 7.30-ին, Հռոմի Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ռէտի եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ՛ ունենայ անոր ազատագրումի դիտաւորութեան սուրբ պատարագ։ Նման ձեռնարկներ կազմակերպուած են նաեւ Պէյրութի, Պերլինի. Պրիւքսելի, Տոհայի, Ժընեւի, Կրէօնոպլի, Միլանոյի, Մոնդրէալի, եւ Փարիզի մէջ։
Յայտնենք որ անցեալ օրերուն, Համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը եւ Անտիոքի Յոյն Օրթոտոքս Եուհաննա Ժ Եազիժի Պատրաիարքը միասնական կոչ ուղղած են ի սպաս Սուրիոյ խաղաղութեան եւ բոլոր արեւանգուած քրիստոնեաներու ազատագրումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.