2014-01-28 09:44:47

Սպանիոյ մէջ, ''Սանթա Մարիա' Տէ Թոլէտօ'' Ռատիոկայանի 20 ամեակի եւ Թոլէտօ թեմին` հեռուստակայանի, հիմնարկութեան 25-րդ ամեակի նշում։


Սպանիոյ Թոլէտօ քաղաքին մէջ, երկուշաբթի, 27 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 5,00 ին, նշուեցաւ` ''Սանթա Մարիա' Տէ Թոլէտօ'' Ռատիոկայանի հիմնարկութեան 20-րդ ամեակը, ինչպէս նաեւ Թոլէտօ թեմին պատկանող հեռուստակայանի հիմնարկութեան 25-րդ ամեակը։
Այս առթիւ, ''Սանթա Մարիա'' Ռատիոկայանին հիմնարկը, շքանշաններով պատուեց զանազան հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` Սուրբ Աթոռի բանբեր եւ Ռատիօ Վատիկանի ընդհանուր տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, այս տարիներու ընթացքին, անոր ընծայած ծառայութիւններուն որպէս երախտագիտութեան նշան։
Այս առթիւ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայր Լոմպարտիի ելոյթը ''երեք քահանայապետներու ի սպաս հաղորդակցական ծառայութեան'' մասին։
Վերոյիշեալ տօնակատարութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան նաեւ` Սանթա Մարիա Ռատիոկայանի եւ թեմական հեռուստակայանի հիմնադիրները՝ Թոլէտօ թեմի Արքեպիսկոպոս՝ Կարտինալ Մարչէլլօ Կոնզալէզ Մարդինի (յետ մահու) եւ թեմի՝ երբեմնի արքեպիկոպոս Ալվարէզ Մարթինէզ, ինչպէս նաեւ ռատիոկայանի դասական երաժշտութեան յատագիրի տնօրէն` Հայր Յէզուս Մարիա Հուէթօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.