2014-01-28 09:41:45

Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման կամ բռնարարքներու մակարդակը նուազեցնելու շուրջ համաձայնութիւն չգոյացաւ


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի կէսօրէ ետք երկու պատուիրակութեանց հետ անջատ հանդիպումներ ունենալէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «կը փորձենք գործադրել Ժընեւի ծրագիրը, որուն նպատակը պատերազմին վերջ տալ եւ նոր Սուրիա մը կառուցելն է, սակայն դիւրին հարց չէ»:
Իպրահիմի նաեւ նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման կամ բռնարարքներու մակարդակը նուազեցնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի»: «Երէկ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Հոմսի հին քաղաքէն կիներու եւ մանուկներու հեռացման, եւ ատոր գործադրութեան շուրջ տակաւին քննարկումներ տեղի կ’ունենան, սակայն դիւրին հարց չէ», ըսաւ ան:
Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութիւնը երէկ Ժընեւի մէջ առաւօտեան տեղի ունեցած բանակցութեանց ընթացքին ներկայացուց աշխատանքային թուղթ մը, որ կը մերժէ արտաքին միջամտութիւնը կամ ցուցմունքները եւ «Սուրիոյ գերիշխանութիւնը յարգելուն, անոր բռնագրաւուած հողերուն վերատիրացման, ամէն տեսակի ծայրայեղականութիւնն ու հաւատադրժողական գաղափարախօսութիւնը մերժելուն» կարեւորութիւնը կը հաստատէ:
Կառավարական պատուիրակութիւնը յայտարարեց, որ առաւօտեան նիստը փակուած է, երբ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնը «մերժեց ահաբեկչութեան մասին խօսիլ»: Կառավարական պատուիրակութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը մերժած է վերոնշեալ աշխատանքային փաստաթուղթը:
Ընդդիմութեան պատուիրակութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ նիստի ընթացքին քննարկումները շինիչ չէին, եւ սուրիական վարչակարգը մերժած է փոխանցման հանգրուանի մասին խօսիլ:







All the contents on this site are copyrighted ©.