2014-01-28 10:03:26

Ուքրանիոյ արդարադատութեան նախարարութեան շէնքը կը գրաւուի


ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Ուքրանիոյ տագնապը Երկուշաբթի, Յունուար 27ին նոր հանգրուան մը թեւակոխեց, երբ ընդդիմութեան համակիր ցուցարարներ գրաւեցին երկրորդ արդարադատութեան նախարարութեան շէնքը: Անոնք նախապէս գրաւած էին նաեւ մայրաքաղաքի քաղաքապետութեան շէնքն ու պետական երկու այլ կառոյցներ, հակառակ նման քայլերու չդիմելու ընդդիմութեան ղեկավարներու կոչերուն:
Մինչ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ղեկավարներուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուէին Երկուշաբթի օր, արդարադատութեան նախարարը սպառնաց երկիրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարել:
Կիրակի օր, ընդդիմութեան ղեկավար Արսէնի Եացենիուք մերժած էր զինք վարչապետ նշանակելու նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի առաջարկը՝ յայտնելով, որ բողոքի ցոյցերը պիտի շարունակուին, եթէ կառավարութիւնը յատկանշական քայլեր չառնէ: Եացենիուք ըսաւ, որ ընդդիմութիւնը ընդհանուր առմամբ համաձայն է ղեկավարութիւնը ստանձնելու, սակայն բաւարարութիւն պէտք է տրուի շարք մը կարեւոր պահանջներու, ներառեալ՝ նոր ընտրութեանց: Նախագահը նաեւ առաջարկած էր այլ ընդդիմադիր ղեկավար մը՝ բռնցքամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան Վիթալի Քլիչքօն, փոխվարչապետ նշանակել: Այդ եւս մերժուած էր:
Կիրակի օր, տասնեակ հազարաւորներ մասնակցած էին անցեալ շաբաթ սպաննուած ցուցարարներէն մէկուն թաղման արարողութեան, իսկ բախումներ կը շարունակեն տեղի ունենալ Քիեւի, Օտեսայի եւ Տնեփրոփեթրովսքի մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.