2014-01-27 09:18:42

Ռայի Պատրիարքը շեշտեց կարող կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ կազմել կարող կառավարութիւն մը, որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել երկրին սպառնացող ներկայ մարտահրաւէրները, կարենայ սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին նախագահական ընտրութիւններ կայացնել, ինչպէս նաեւ իր պատասխանատուներուն նկատմամբ լիբանանցի ժողովուրդին վստահութիւնը վերադարձնել եւ աշխատիլ ի խնդիր պետական հաստատութիւններուն աշխուժացումին եւ երկրին բարգաւաճումին:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց լիբանանցիներուն միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց դուրս գալու բաժանումներէն եւ վիճաբանութիւններէն եւ երկխօսութեամբ ու փոխըմբռնումով լուծելու երկրին հարցերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.