2014-01-27 11:03:01

ՀՀ Բանակի օրուան առիթով Սուրբ Պատարագ՝ Էջմիածինի մէջ


ՀՀ բանակի օրուան առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Յունուար 26-ին մատուցուած է Սուրբ Պատարագ: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատւուական համակարգէն:
Պատարագիչը եղած է Հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը: Սրբազան արարողութեան ներկայ եղած են Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռի միաբաններ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, ՀՀ բանակի բարձրագոյն սպայական կազմը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր միութեան նախագահ տիար Պերճ Սեդրակեանը եւ ՀԲԸՄ անդամներ:
Ս. Պատարագի աւարտին Մայր Տաճարի Իջման Ս. Սեղանին առջեւ, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, կատարուած է Հանրապետական մաղթանք` ի շինութիւն եւ ի պայծառութիւն Հայաստան աշխարհի ու Հայոց բանակի: Հանրապետական մաղթանքէն ետք Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցած է ներկաներուն` մէկ անգամ եւս բոլորը շնորհաւորելով Հայոց բանակի 22-րդ տարեդարձին առիթով:
Իր խօսքին մէջ՝ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայոց բանակը իր զինուորներու եւ զօրականներու անձնուէր ծառայութեան շնորհիւ այսօր կ’ապահովէ երկրի խաղաղութիւնը` անվրդով կեանք ստեղծելով մեր ժողովուրդի ու Հայրենիքի համար: Վեհափառ Հայրապետը ՀՀ Զինուած ուժերու սպասաւորներուն մաղթած է Տիրոջ օրհնութեան ներքոյ երկար տարիներու քաջառողջ կեանք, արդիւնաւոր ծառայութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ` ի սէր Մայր Հայրենիքի եւ ի փառս մեր ժողովուրդի:
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է շքանշաններու յանձնման արարողութիւն: Ի գնահատութիւն Հայրենիքին ու հաւատաւոր ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւններու, Վեհափառ Հայրապետը Հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի միջնորդութեամբ, Հայ Եկեղեցւոյ “Սբ Ներսէս Շնորհալի” պատուոյ բարձր շքանշանով պարգեւատրած է զօրավար-հրամանատար Սամուէլ Կարապետեանը, զօրավար-հրամանատար Պօղոս Պօղոսեանը, տիար Գառնիկ Հայրապետեանը, գնդապետ Դանիէլ Պալայեանը եւ գնդապետ Օննիկ Գասպարեանը: Հայրապետական սրբատառ կոնդակը ընթերցած է Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը:







All the contents on this site are copyrighted ©.