2014-01-27 08:57:43

Թուրքիոյ մէջ 350 տարուան հայկական եկեղեցին վերածուած է «Մօր եւ մանկան կրթական կեդրոն»-ի։


«Հայ Թերթ»-ը կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտ նահանգին մէջ 350 տարուան հայկական կաթողիկէ եկեղեցին վերածուած է չքաւոր կիներու եւ անոնց երեխաներու կրթական կեդրոնի եւ ստացած «Մօր եւ մանկան կրթական կեդրոն» անուանումը:
Տիգրանակերտի Սուրի շրջանին մէջ 1850-էն ի վեր իբրեւ մզկիթ ծառայած հայկական կաթողիկէ եկեղեցին վերականգնած է հիմնադրամներու գլխաւոր խորհուրդին կողմէ:
Վերակառուցման աւարտէն ետք շէնքը շահագործման եւ պահպանութեան համար յանձնուած է Սուրի քաղաքապետարանին, իսկ եկեղեցւոյ կից քահանայի կեցարանի բաժինը վերածուած է կրթական կեդրոնի:
80 աշակերտի համար նախատեսուած այս կացարանին մէջ մայրերուն եւ անոնց զաւակներուն գրել ու կարդալ կը սորվեցնեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.