2014-01-27 12:32:05

Աւելի քան հինգ հազար քաղաքներ կ'աղօթեն Ս. Երկրի խաղաղութեան համար։


''Ս. Երկրի խաղաղութեան համաշխարհային 6-րդ օրուան առթիւ, 26 յունուարին, աւելի քան հինգ հազար քաղաքներ աղօթեցին որպէսզի Ս. Երկրին մէջ վերջ դրուի պատերազմին, անարդարութիւններուն եւ բռնութիւններուն եւ հաստատուի խաղաղութիւնը''` ըսած է Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ։
Ան` յանուն Ս. Երկրի քրիստոնեայ հասարակութեան, շնորհակալութիւն յայտնած է միջազգային այս յայտագիրը կազմակերպիչներուն։
''Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս` խաղաղութեան իշխանը, մեզի շնորհէ իր խաղաղութիւնը եւ առատ օրհնութիւններ պարգեւէ ամէնուն'' ըսած է Պատրիարքը։
Իր կարգին Ռուս եկեղեցին դրամահաւաք կատարած է Սուրիոյ համար։
25 յունուարին, Մոսկուայի Կիւրեղ պատրիարքը ընդունած է Անտիոքի Յովհաննէս ժ. Յոյն օրթոտոքս պատրիարքը եւ այդ առթիւ յայտնած է որ եկեղեցին հաւաքած է երեք միլիոն ռուբլի Սուրիոյ ի նպաստ։ Նախապէս ռուս եկեղեցին Սուրիա ուղարկած է 40 միլիոն ռուբլի։








All the contents on this site are copyrighted ©.