2014-01-25 09:10:49

Յոբելինական Տարի նուիրուած Ծէսին 2013-2014


Յիսուն տարի առաջ հանդիսաւորապէս փակուեցաւ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ յատուկ տեղ գրաւած Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովը: Կարեւոր որոշումներու շարքին որ առնուեցան այս առիթով, այժմէական էր եւ այդպէս ալ կը մնայ պաշտօնական այն վաւերագիրը որ կը վերաբերի Եկեղեցւոյ Ծիսական կեանքին, եւ կը կրէ «Sacrosanctum Concilium» տիտղոսը:

Այս յիշատակելի եղելութեան Յիսնամեայ Յոբելեանը շուքով կը կատարուի համայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, զանազան հոգեւոր, գիտական եւ հովուական ուսումնասիրութիւններով եւ հանդիսութիւններով: Պատեհ առիթ մըն է ուստի այս, նաեւ մեզի, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Նուիրապետութեան ու հաւատացեալներուն համար, ոգեկոչել զայն, արծարծելու եւ զարգացնելու համար Ծէսին մասին մեր ունեցած գիտելիքներն ու անոնց կիրարկումի կարեւորութիւնը մեր առօրեայ հոգեւոր կեանքին մէջ:
Առաքելական Սահմանադրութիւնը իրաւամբ կը նշէ թէ Ծէսին հարազատ ըմբռնումը եւ անոր գործադրութիւնը կարեւոր են՝ մեր հոգեւոր կեանքին իմաստ եւ խորութիւն տալու համար: Սակայն հաւատացեալները առհասարակ զայն կը վերածեն լոկ արարողութիւններու շարքի մը, մինչ անոնք կեդրոնական տեղ կը գրաւեն մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ: Ուստի անհրաժեշտ է այս գիտակցութիւնը զանազան միջոցներով արթնցնել ու արծարծել մեր կղերին ու հաւատացեալներուն մէջ: Այս նպաստով կը յայտարարենք նաեւ մեր Եկեղեցւոյ համար Յոբելինական Տարի մը, նուիրուած Ծէսին:
Ուստի մեր հաւանութեամբ ու քաջալերանքով, մեր Պատրիարքական Ծիսական Յանձնախումբը նախաձեռնեց կարգ մը ձեռնարկներու, որոնք պիտի ընդգրկեն բանախօսութիւններ, հոգեւոր հանդիպումներ եւ այլեւայլ հանդիսութիւններ:
Ծրագրուած է որ այս Յոբելենական տարիին բացումը կատարուի Դեկտեմբեր 14, 2013-ին, Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով, մեր Սուրբ Պատարագով, մեր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Պէյրութ: Փակումը պիտի կատարուի 2014-ի Դեկտեմբեր 6-ին, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համմուտ: Տեղի պիտի ունենան յաջորդաբար վեց բանախօսութիւններ, նոյն տարուան ընթացքին, Պատրիարքական մեր Թեմին ժողովրդապետութիւններուն մէջ:
Վստահ ենք, թէ այս յոբելենական տօնակատարութիւնը մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ թէ՛ մեր կղերին եւ թէ՛ ժողովուրդին՝ Ծէսին մասին առողջ եւ շինարար գիտակցութիւն արթնցնելու համար, յօգուտ բոլորին քրիստոնէական կեանքին գիտակից ապրումին: Ուստի ձեր բոլորին մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատենք այս նախաձեռնութեան ամբողջական յաջողութեան եւ արդիւնաւորումին համար:
Վստահելով մեր կղերին եւ հաւատացեալներուն բարի կամքին եւ քրիստոնէական գիտակցութեան եւ եռանդին, կը հայցենք աստուածային օրհնութիւնները Ձեր անձերուն, ձեր բոլորին վրայ:

† Մանուէլ Եպս. Պաթագեան
Նախագահ
Պատրիարքական Ծիսական Յանձնախումբին

† Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.